Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Խորհրդարանի Օրակարգին Վրայ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Նախագիծը

May 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bundestag_51616

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակի  պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ հակառակ թրքական կողմի ճնշումներուն` Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքի եւ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւններու միացեալ նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծը Պունտեսթակի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է յստակ` «ցեղասպանութիւն» եզրով:

«Օսմանեան կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան եւ յիշատակի մասին» բանաձեւի նախագիծին քննարկումը նախատեսուած է 2 յունիսին: Նախագիծի որդեգրումին կողմ են թէ՛ իշխող համախմբական դաշինքը, թէ՛ ալ ընդդիմադիր խմբակցութիւններ:

Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Շատ հաւանական է, որ խնդիրներ կան Անգարայի հետ, սակայն Պունտեսթակը չի կրնար շանթաժի ենթարկուիլ բռնապետ Էրտողանի կողմէ: Պունտեսթակի համապատասխան որոշումին պարագային Թուրքիոյ համար աւելի դժուար պիտի ըլլայ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Թոմաս Օփփերման իր կարգին ընդգծած է, որ Գերմանիան` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից, ինք եւս պատասխանատուութիւն կը կրէ տեղի ունեցածին համար: «Ասիկա ընդհանրապէս կախեալ չէ ներկայ քաղաքական հոլովոյթներէն, ներառեալ` գաղթականներու շուրջ ճգնաժամային իրավիճակէն: Մենք պէտք չէ ընդունինք որեւէ կեղծ որոշում», ըսած է ան:

Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ֆոլքեր Քաուտեր յայտնած է, որ բանաձեւին որդեգրումը կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

«Մենք այս աշխատանքով կը փափաքինք օգնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կամուրջի կառուցումին», ըսած է Քաուտեր:

 

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Ճանաչման Հարցը Միշտ Պէտք Է Ըլլայ Մեր Զինանոցին Մէջ»

Յաջորդը

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.