Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգը Պէտք Է Պատրաստուի Իրերայաջորդ Պատերազմներու (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Գ.

Մայիս 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

… իւրաքանչիւրիս տունն իսկապէս
սկսւում է Լեռնային
Ղարաբաղի առաջնագծի խրամատից:  

                                                                                                                          Լիլիթ Գալստեան
(ԱԶԴԱԿ, 16  ապրիլ 2016)

Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ 21-րդ դարու պատերազմները «գունաւոր» ըլլալու առընթեր, կ՛ընդգրկեն նաեւ աւելի վայրագ, բազմաոլորտ եւ տարբեր բնոյթի դրսեւորումներ: Այլ խօսքով` հիմնայատակ կործանումի եւ բնաջնջումի յստակ ռազմավարութիւնն է, որ կը կիրարկուի ամէնուրեք, ողջ մարդկութեան երփներանգ հայեացքներուն եւ տկլոր յորդորներուն ներքեւ: Կ՛ապրինք այս բոլորը:

Արդ, փորձագիտական թէ զինուորական բոլոր վերլուծութիւնները կը հաստատեն, որ ազերի պետական ահաբեկչութիւնը իր վերջին աննախադէպ պարտութիւնը կրելէ ետք ուշ կամ կանուխ պիտի դիմէ յաջորդ լայնածաւալ յարձակումին, որպէսզի իր ձեռքին պահէ, այսպէս ըսած, քաղաքական եւ զինուորական նախաձեռութիւններուն կապոցը:

Կապոց, որով պիտի կարենայ հետագայ բոլոր հաւանականութիւններուն դէմ դնել, ի հարկին սպառնալ, աւելին պահանջել եւ յենարան ստեղծելու գոհունակութիւն ապրիլ: Սա է վայրագ ու մարդակեր մեր թշնամիին ամէնէն պարզ մօտեցումը:

Անշուշտ  մտահան պէտք չէ ընել, որ զազիր, նենգ ու դարանակալ թշնամիին վերջին յարձակումը կը միտէր գրաւել հայկական հողամասեր, կազմակերպել սպանդ ու սարսափ, բարոյալքել հայութիւնն ու հայոց բանակը եւ պարտադրել նորովի գոյավիճակ, որով պիտի յոխորտար միջազգային ամպիոններու թէ որոշումի կեդրոններու դիմաց:

Սակայն կը պատահէր անսպասելին ու անակնկալը, երբ հայոց բանակի տղոց հուժկու, հակակշռող, սաստող, նպատակաուղղուած հարուածներուն եւ հայավայել տոկունութեան դիմաց, թշնամի հազարաւոր հորդաներ չարաչար պարտուած եւ զգետնուած փախուստ կու տային հայոց աշխարհէն:

Միւս կողմէ, տակաւ կը բացայայտուին թուրք-ազերի գործակցութեան թաքուն երեսակները, քաղաքական թէ զինուորական մարտավարութիւններու տարբեր աստիճանաւորումները, նպատակներն ու հեռանկարները, որոնք եթէ երբեք մէկ կողմէ մեզի կը յուշեն կատարուածին ահաւորութիւնը, ապա միւս կողմէ անոնք մեզ պէտք է մղեն ո՛չ միայն յաւելեալ զգաստութեան, զգօնութեան եւ պատրաստ ըլլալու գիտակցութեան, այլեւ  հարկ է միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ սովորական եւ ընկալողի հակադարձութենէ, պահպանողական հակազդեցութենէ, պէս-պէս հաշուարկներու զոհ դառնալէ, դիւանագիտական ապիկար վարքագիծէ, բայց մանաւանդ` պետական մակարդակի ինքնախաբէութենէ:

Ինքնախաբէութիւն այն առումով, որ, կը կարծուէր, թէ առկայ միջազգային պայմաններու լոյսին տակ, ազերին չի յանդգնիր նման յարձակողապաշտ քայլեր առնել: Փաստօրէն մեր թշնամին առաւ այդ արկածախնդրական քայլը, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան ուզեց ցոյց տալ իր թաքուն ու բացայայտ մտադրութիւնը:

Ճիշդ է նաեւ այն, թէ վերոնշեալ նշումին հակառակի ամէնէն վաւերական եւ դիպուկ արտայայտութիւնը մենք ապրեցանք, երբ ազգը իր բոլոր շերտերով` եռամիասնութեամբ (ժողովուրդ, բանակ, պետութիւն) կրցաւ շատ արագ արժեւորել պահու լրջութիւնն ու վտանգաւոր տարողութիւնը եւ նետուեցաւ կռուի դաշտ յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան:

Յայտնապէս մեր պարագային, երբ ամէն առիթի կը շեշտադրենք, թէ հարկ է զօրաշարժի ենթակել հայութեան ներուժն ու բազում կարողականութիւնները, ապա պարտաւորութեան զգացողութիւնը չէ, որուն պէտք է ապաւինք, այլ նկատի առած բնաջնջումի պատերազմներու սպառնալիքը, ազգը պէտք է թօթափէ հնամաշ եւ ինքնասպանութեան առաջնորդող կարգախօսները, ինքնագոհ վիճակներն ու խաբուսիկ ճառերը եւ անյապաղ լծուի համազգային պաշտպանական համակարգի ստեղծման, արդի ու հեռանկարային գործելաոճեր որդեգրելու հրամայական պահանջով: Չէ՞ որ տասը միլիոն հաշուող ժողովուրդ ենք եւ ունինք համատարած հեղինակութիւն եւ պատկառելի նիւթական ու բարոյական հարստութիւն:

Ժամը հնչած է, եթէ չենք ուզեր տեսնել մեր սեփական տան` հայրենիքի կորուստը: Ահա վերջին պատերազմին երրորդ պատգամը:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Խաչքարի Զետեղում

Յաջորդը

Լիբանանահայ Մշակոյթի Կերտիչներէն Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Կեանքն Եւ Ստեղծագործական Ուղիին Նուիրուած Ձեռնարկ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?