Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

September 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որ սկսաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Հասսան Տիապ եւ Ֆայսալ Քարամէ` ճամբորդութեան պատճառով:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 89 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ Լիբանանի երթեւեկի բարելաւման ծրագիրը, որուն քննարկումը սակայն յետաձգուեցաւ կառավարութեան յաջորդ նիստին:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ հանրային փոխադրութեան պատասխանատու վարորդներու սենտիքաներուն պահանջները` նկատել տալով, որ անոնց նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելու որոշումը ուղղակիօրէն կախեալ է օրէնսդրական խորհուրդէն եւ ոչ` կառավարութենէն:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ակնարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող ականներուն եւ տարանջատուող ռումբերուն` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ կան լայն տարածքներ, որոնք լեցուն են այս տեսակի ռումբերով եւ հարկ է զանոնք վնասազերծել:

Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ քաղաքական լարուած մթնոլորտ եւ կ՛օգտագործուի անպատշաճ բառամթերք. ան կոչ ուղղեց` բարելաւելու այդ մթնոլորտը` ընդգծելով, որ երկրին փրկութիւնը միայն երկխօսութեամբ կարելի է իրականացնել:

Անդրադառնալով ելեկտրական տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացման` Միքաթի նշեց, թէ այդ ծրագիրը միայն քաղաքական որոշ կողմի մը համար նուաճում չէ, այլեւ ամբողջ Լիբանանին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ քննարկուեցան ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը խորհրդարանին փոխանցելու մանրամասնութիւնները:

Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ հանրային փոխադրութեան ազգային ծրագիրը քննարկել իր նիստերուն ընթացքին եւ ուղղակի երկխօսութեան սկսիլ հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան պատասխանատու սենտիքաներուն հետ:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է փոխատուութեան համաձայնագիր մը` Միջազգային դրամատան եւ կրթութեան նախարարութեան միջեւ: Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ քաջալերելու ներդրումները` երկրագործութեան մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան ու ֆրանսական ազգային տպարանին միջեւ ստորագրելու համաձայնութիւն մը, որ լիբանանեան անցագիրներ տպուին Լիբանանի մէջ:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Յաջորդը

ՀԱԿԱՀԱՅ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.