Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ի՛նչ Խորութեամբ Կ՛ուզէ Համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան Հետ» Կ՛ըսէ Էնկել

May 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Engel_50416

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել Tert.am-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան նշած է. «Եւրոպական Միութիւնը շատ կ՛ուզէ մեծ համագործակցութիւն ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինք պէտք է որոշէ, թէ որքա՛ն եւ ի՛նչ խորութեամբ կ՛ուզէ յառաջ ընթանալ»:

Ֆրանք Էնկել նշած է, որ ինք աւելի շատ պիտի գերադասէր, որ Հայաստանի հետ ստորագրուէր Ընկերակցութեան ամբողջական համաձայնագիր, եւ համոզուած է, որ հայերու մեծամասնութիւնն ալ ատոր կը զօրակցէր: Ամէն պարագայի ան կը գտնէ, որ տուեալ պարագային պէտք է ընդունինք այն, ինչ որ արդէն ունինք, եւ պէտք է բոլոր հարցերուն նայիլ` ընդունելով այդ ամէնը իբրեւ ելակէտ:

Անդրադառնալով շրջագծային համաձայնագիրին` ան ըսած է. «Հայաստանն ու Եւրոպական միութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի գոյութիւն ունեցող գործիքէն ամբողջութեամբ դրական արդիւնք ստանան եւ միասին շարժին դէպի ամբողջական համաձայնագիրի ստորագրում: Այսօր կացութիւնը եւ իրերու դասաւորումը շատ փոխուած է, որովհետեւ մենք չունինք այն, ինչ որ կը ծրագրէինք ունենալ»:

Եւրոպական խորհուրդի երեսփոխանը կը գտնէ, որ շրջագծային համաձայնագիրը մօտ է եզրայանգման փուլին, թէեւ յիշեցուցած է, որ ատիկա պիտի ըլլայ ընդամէնը քաղաքական շրջագծային համագործակցութիւն եւ ոչ թէ տնտեսական, որովհետեւ այս պահուս Հայաստանի տնտեսական մասը Եւրասիական տնտեսական միութեան կը պատկանի: «Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշէ զայն ստորագրել, ուրեմն պիտի հասնինք ատոր, իսկ եթէ ոչ, ուրեմն` ոչ», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ գործուած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպան երբեմն աչք կը փակէ՞ անոնց նկատմամբ` ելլելով որոշ շահադիտական նկատառումներէ` Ֆրանք Էնկել նշած է. «Ո՛չ, մենք տպաւորուած չենք այն հարստութեամբ, որ կը ցուցադրուի Եւրոպային»: Ապա յայտնած է, որ հարստութենէն աւելի խօսուն փաստ է այն, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն կարծիք յայտնել, յանկարծ կը յայտնուին բանտին մէջ:

«Այնպէս չէ, որ մենք չենք ուզեր տեսնել մարդու իրաւունքներու խախտումները, մենք զանոնք շատ լաւ կը տեսնենք: Ազրպէյճանը Եւրանեսթէն դուրս մնաց, որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանը կրցաւ յստակ օրէնք որդեգրել ինքնին մարդու իրաւունքներու խախտման մասով», ըսած է ան եւ վերահաստատած, որ իրենք կը տեսնեն այն բոլոր իրաւախախտումները, որոնք տեղի կ՛ունենան մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Դեսպանը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով Զգուշացուցած Է Գերմանիան

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչումներուն Շարքը Պիտի Շարունակուի

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.