Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչումներուն Շարքը Պիտի Շարունակուի

Մայիս 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mirzoyan_50416

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ ունի այն համոզումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումներու շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկային: «Արցախի միջազգային ճանաչումը շատ կարեւոր կը նկատեմ նաեւ այն առումով, որ ատիկա կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ բանակցային հոլովոյթին վրայ: Ատիկա թոյլ կու տայ ապահովել բանակցային հոլովոյթի անդառնալիութիւնը, նաեւ թոյլ կու տայ բանակցող կողմերուն, հակամարտող կողմերուն կեդրոնանալ բուն, իսկական խնդիրներուն վրայ, այն է` թէ ինչպէ՛ս ապահովել խաղաղ գոյակցութեան պայմաններ երկու անկախ պետութիւններուն համար, որոնք ձեւաւորուած են այս շրջանին մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն, անոր հետեւած պատերազմէն ետք», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ այն ակնկալութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցուի նաեւ միջազգային իրաւունքի ենթակայ հանդիսացող պետութիւններուն կողմէ` Միրզոյեան ըսած է. «Ես համոզուած եմ, որ ուշ կամ կանուխ այդ պահը պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, եւ որքան կայացած ըլլայ մեր պետութիւնը, որքան մենք կարենանք զարգացնել անիկա, այդքան աւելի մօտ կ՛ըլլանք  այդ նպատակին»:

Լրագրողը հարցուցած է, թէ Ղարաբաղի դիրքորոշումը ի՛նչ է Հայաստանի կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ դրուած Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու նախագիծին նկատմամբ. Կարէն Միրզոյեան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այն կարծիքին է, որ այդ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օրէնսդիրներուն որոշելիքն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հայաստանեան վերջին այցելութենէն առաջ եւ ետք ռուսական մամուլը հանդէս եկաւ բազմաթիւ հրապարակումներով, թէ ան Երեւան եկած է յստակ առաջարկներով, որոնց էութիւնը հետեւեալն է` ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճանին վերադարձուին առնուազն հինգ շրջաններ, վերադառնան գաղթականները, տեղակայուին խաղաղապահներ, ապա` անորոշ ժամանակ անց, պիտի կայանայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշող հանրաքուէն:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ասիկա արդեօք կը համապատասխանէ՞ իրականութեան, եւ նման բանի մը նկատմամբ ի՞նչ է Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը` Միրզոյեան ըսած է. «Ես տեղեակ եմ նախարար Լաւրովի յայտարարութիւններուն, որ ինք կատարեց իր այցելութեան աւարտին: Կը կարծեմ, նախարար Լաւրովի յայտարարութիւնները եւ նախօրէին տարբեր տեղեր հնչած յայտարարութիւնները, թերթերու մէջ եղած հրապարակումները բաւական տարբեր էին: Վստահաբար, հասկնալի է Ռուսիոյ  շահագրգռուածութիւնը, ես կը կարծեմ, նոյնիսկ կրնանք ըսել` ողջունելի է, ինչպէս նաեւ ողջունելի միւս միջնորդներուն` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի ջանքերը` փորձելու խելքի բերել Ազրպէյճանը, փորձելու կանգնեցնել Ազրպէյճանի այդ արկածախնդրութեան հետագայ զարգացումը»:

Ըստ Կարէն Միրզոյեանի, ներկայիս բանակցութիւններ չկան, եւ կարելի չէ որեւէ բանակցութիւն վարել նկատի առնելով Ազրպէյճանի քայլերը, որոնց նպատակը տագնապի խաղաղ լուծումը բացառելն է:

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ի՛նչ Խորութեամբ Կ՛ուզէ Համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան Հետ» Կ՛ըսէ Էնկել

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Ընդունած Է Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով
Գլխաւոր լուրեր

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան
Հայկական

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?