Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Դեսպանը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով Զգուշացուցած Է Գերմանիան

May 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Avni_50316

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Կարսլըօղլու զգուշացուցած է Գերմանիան, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ մէկ օգուտ պիտի տայ: Ան յայտարարած է, որ պատմական դէպքերու քննարկումը խորհրդարաններու գործը չէ:

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքին հաղորդումով` դեսպանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը ձեւակերպուած է Ժընեւի համաձայնագիրի ծիրին մէջ: Ըստ անոր, քաղաքական գործիչները այդպիսի հարցերու շուրջ որոշումներ տալու ընթացքին կրնան առաջնորդուիլ քաղաքական կամ կրօնական դրդապատճառներով:

Կարսլըօղլուի կարծիքով` եթէ դաշնակցային Գերմանիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ատիկա դժուար թէ դրական ազդեցութիւն ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վրայ: Թուրքիոյ դեսպանը առաջարկած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն խրախուսել կողմերը` խնդիրը ուսումնասիրելու նպատակով պատմական յանձնախումբ ստեղծելու համար:

Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած բանաձեւի մշակման աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Օրեր առաջ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Թոմաս Օփերման լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր. «2 յունիսին դաշնակցային խորհրդարանը պիտի ընդունի, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին հայերու զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանութիւնները ինքնին ցեղասպանութիւն եղած են»:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը անցեալ տարի ալ Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի օրակարգ բերուած էր, սակայն իշխող համախմբական ուժերը խոչընդոտած էին հարցին քուէարկութիւնը:

Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք եւ Խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած իրենց խօսքերուն մէջ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Նախորդը

«Էմ. Թի. Վի.»-ն` Արցախի Հանրապետութեան Մէջ

Յաջորդը

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ի՛նչ Խորութեամբ Կ՛ուզէ Համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան Հետ» Կ՛ըսէ Էնկել

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.