
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան հարցին վերաբերեալ:
«Նախապէս մենք ըսած ենք, որ այս հարցին մէջ Թուրքիոյ մէջ լաւ միտում չի նկատուիր: Անիկա ճիշդ ուղղութեամբ չ՛ընթանար: Ժամանակին ես ատիկա մտահոգիչ անուանած եմ, եւ այժմ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյնը: Մենք չենք կարծեր, որ մամլոյ ազատութեան սահմանափակումները դրական են որեւէ ժողովրդավարութեան համար», նշած է Քըրպի` յոյս յայտնելով, որ Թուրքիան պիտի կարենայ վերադառնալ ժողովրդավարական սկզբունքներուն, որոնք կ՛երաշխաւորուին երկրին սահմանադրութեամբ:
Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, որ յաջողութեան ուղին չէ գծուած լրատուամիջոցներու ճնշումներով եւ անոնց գործունէութեան սահմանափակումներով: «Մենք բազմիցս այս մասին ըսած ենք», նշած է Քըրպի:


