Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կը Յիշեցնէ Օսմանեան Կայսրութեան Ճակատագիրին Մասին

Մայիս 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zakharova_50416

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 4 մայիսին «Իզվեսթիա» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛երազեն Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու մասին, սակայն կը մոռնան այդ կայսրութեան ճակատագիրը:

«Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ ան (Թուրքիոյ կառավարութիւնը) կ՛ուզէ վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի որոշ հզօրութիւնը: Յամենայն դէպս, անոր արդի քաղաքականութեան բոլոր բաղադրիչները ինքնին այդպիսի պատկեր կը ստեղծեն: Ի՛նչ վախճան ունեցաւ Օսմանեան կայսրութիւնը, գիտենք բոլորս», ըսած է Զախարովա:

Դիւանագէտը նշած է, որ Ռուսիան բոլոր միջոցներով կը փորձէր բանակցութիւններու սեղանին շուրջ կարգաւորել Անգարայի հետ տարակարծութիւնները, սակայն ամէն ինչ խոչընդոտողները Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններն են, որոնց Մոսկուան «կը հանդուրժէր շատ երկար ատեն»: «Ինչ ոլորտի ալ նայիք` Խրիմ, Սուրիա, գաղթականներ, ահաբեկչութիւն, ազգային հարց եւ այլն, ամէնուրեք մենք կը տեսնենք Թուրքիոյ ղեկավարութեան բացարձակ քանդիչ դերը», ըսած է ան:

Զախարովա յայտնած է, որ պէտք չկայ մօտիկ ապագային Անգարայի դիրքորոշման փոփոխութեան գծով յոյս տածել, որովհետեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները «կացութիւնը կը սրեն»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին «Ժազիրա»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հակառակ ռուսական «Սու-24» օդանաւի միջադէպին` Թուրքիան եւ Ռուսիան շրջանի կարեւորագոյն երկիրները կը նկատուին եւ իրարու կարիքը ունին:

«Մեր վարքագիծը կը մնայ նոյնը: Մենք մեր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ ասիկա նշած ենք: Ռուսիան ու Թուրքիան պատմութեան մէջ միշտ դրացիներ եղած են: Այժմ եւս մենք շրջանի երկու կարեւոր երկիրները կը նկատուինք: Թուրքիան` Ռուսիոյ, Ռուսիան ալ Թուրքիոյ կարիքը ունի: Մենք մեր օդային սահմանները պաշտպանելու իրաւունք ունինք: Սակայն օդանաւի վար առնուելուն դէպքը Ռուսիան իբրեւ իր դէմ կատարուած քայլ ընդունեց: Այդ օդանաւը խախտած էր մեր օդային սահմանը: Յոյսով ենք` պիտի հասկնան ասիկա: Մենք կ՛ուզենք Ռուսիոյ հետ նախկինին նման շարունակել յարաբերութիւնները», յայտարարած է Տաւութօղլու:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Մէջ Անազատ Մամուլին Վերաբերեալ

Յաջորդը

«Թուրքիան Անհրաժեշտութեան Պարագային Կրնայ Ցամաքային Զինուորական Գործողութիւններու Սկսիլ Սուրիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?