Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Քիւրտ Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Որոշում Որդեգրուած Է

May 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish-parliament_50316

«Արմէնփրես»` յղում կատարեով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբը վաւերացուցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խմբակցութեան երեսփոխաններու հետ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խմբակցութեան որոշ երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու մասին սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան յանձնարարականով խորհրդարան ներկայացուցած էր Արդարադատութեան նախարարութիւնը:

Այժմ արդէն չեղեալ կը հանդիսանայ թրքական սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածով նախատեսուած շարք մը երեսփոխաններու օրինական անձեռնմխելիութիւնը:

Սահմանադրական փոփոխութեան «թեր» քուէարկած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 4 խորհրդարանական խմբակցութիւններէն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակցութիւններու երեսփոխանները, իսկ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները լքած են նիստերու դահլիճը:

1 ապրիլին թրքական խորհրդարան ներկայացուած էր առաջարկը, որով պահանջուած է երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկել Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահեթթին Տեմիրթաշը եւ կուսակցութեան շարք մը այլ երեսփոխաններ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան դժգոհութիւն պատճառած էր այն, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երեսփոխանները կը մասնակցին թուրք-քրտական բախումներու ընթացքին սպաննուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու յուղարկաւորութիւններուն:

Որոշումի որդեգրումի թուականէն սկսեալ յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին պիտի սկսի յիշեալ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ «օրէնքով» զրկելու հոլովոյթը:

Քիւրտ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը ներկայացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան կ՛ուզէ խորհրդարանէն հեռացնել քրտամէտ կուսակցութեան միայն աշխուժ գործունէութիւն ունեցող երեսփոխանները:

Նախորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Մէջ Անազատ Մամուլին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.