Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ բանակի սակրաւորներէն ստանձնեց Անթիլիասի պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան վերջնական տեղեկագիրը, որուն մէջ յստակ կերպով նշուած էր, թէ պայթումը հետեւանք է ձեռնառումբի մը:
Նշեալ թղթածրարին մասին Սաքըր զինուորական ատեանի դատախազին յայտնեց, որ զինուորական ատեանը իրաւունք չունի շարունակելու այդ հարցին քննարկումը, որովհետեւ անիկա ահաբեկչական արարք չի նկատուիր:


