Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատերազմի Ընթացքին Որեւէ Յաջողութիւն Չարձանագրած Ալիեւը Չի Կրնար 97 Առ Հարիւրի Վարկանիշ Ունենալ» Կ՛ըսէ Մուսաւաթի Կուսակցապետը

Ապրիլ 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
aliyev_42916
Իլհամ Ալիեւ

Ազրպէյճանական իշխանամէտ «Ռէյ» (կարծիք) հասարակական հարցախոյզի կեդրոնը «եթէ յառաջիկայ կիրակի Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարուէին, որո՞ւն կ՛ընտրէիք» հարցումով դիմած է 800 անձերու: Հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, մասնակիցներուն 92,8 առ հարիւրը յայտնած է, որ պիտի քուէարկէ Իլհամ Ալիեւին, իսկ 97 առ հարիւրն ալ անոր վստահութիւն յայտնած է:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ առնչութեան «Մէյտան Թի.Վի.»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազրպէյճանի Մուսաւաթ կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլը յայտարարած է, որ այդ հարցախոյզը լուրջ չի նկատեր, եւ պատերազմի ընթացքին որեւէ յաջողութիւն չարձանագրած Ալիեւը չի կրնար 97 առ հարիւրի վարկանիշ ունենալ:

«Ընդհանրապէս անկարելի է, որ ոեւէ ղեկավարի քաղաքական վարկանիշը, այդ ալ` քաղաքական-զինուորական պայմաններու մէջ ըլլայ 97 առ հարիւր: Նոյնիսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Ուինսթըն Չըրչիլը պարտուեցաւ պատերազմէն ետք կատարուած ընտրութիւններուն: Գերմանիոյ միաւորումը ապահոված Հելմութ Քոլը եւս այդ կացութենէն որոշ ժամանակ ետք պարտուեցաւ ընտրութիւններուն: Այդ պատճառով ալ անկարելի է, որ պատերազմի ընթացքին որեւէ նշանակութիւն չունեցած գործողութեան համար քաղաքական գործիչի վարկանիշը ըլլայ 97 առ հարիւր», ըսած է ան:

Արիֆ Հաճըլը կը գտնէ, որ բնական ժողովրդավարական հասարակութիւններուն մէջ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ վարկանիշի տարբերութիւնը չի գերազանցեր 10 առ հարիւրը:

«Այդ պատճառով ալ կեդրոնին հարցախոյզը լուրջ չեմ նկատեր: Ցաւալի է, որ Ազրպէյճանի հասարակութեան այդպիսի արդիւնք կը վերագրէ», աւելցուցած է ան:

Հարցին գծով Ազրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլիի մեկնաբանութիւնը եղած է շատ կարճ: «Այդպիսի հարցախոյզները, ընդհանրապէս, պէտք չէ լուր նկատել: Բնական է, որ անոնք կառավարութեան քարոզչութեան համար ուռճացուած արդիւնքներով հարցախոյզներ են», ըսած է ան:

Ազրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Հիքմեթ Հաճիզատէն ալ յայտարարած է, որ հարցախոյզներ կատարող կեդրոններուն օգտագործած սովորական գործելաոճը Ազրպէյճանի համար կիրարկելի չէ:

«Բնակչութիւնը շարունակաբար վախի եւ ճնշումի տակ գտնուելուն պատճառով չի կրնար ազատ կերպով արտայայտել իր կամքը: Այդ պատճառով ալ կասկածով կը մօտենամ կատարուող այսպիսի հարցախոյզներու արդիւնքներուն», ըսած է ան:

 

 

 

Նախորդը

«ՏԱՀԵՇ Պատասխանատուութիւն Կը Կրէ Կրօնական Ցեղասպանութեան Համար» Կ՛ըսէ Քերրի

Յաջորդը

Այսօրուընէ Սկսեալ Հալէպի Եւ Այլ Շրջաններու Մէջ Զինադադար Հաստատելու Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?