
Պրազիլի եւ ամբողջ Լատին Ամերիկայի տարածքին հնագոյն օրաթերթերէն մէկը եղող «Ճոռնալ տօ Քոմմերսիօ»-ն պիտի հրատարակէ իր վերջին թիւը:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով օրաթերթի ղեկավար Մաուրիսիու Տենեփի խօսքերը, կը հաղորդէ, որ այդ որոշումին պատճառը տնտեսական խնդիրներն են, որոնց բախած է հարաւային ամերիկեան մեծագոյն պետութիւնը:
«Մենք դարձած ենք զոհերէն մէկը այն ճգնաժամին, որուն մէջ յայտնուած է մեր երկիրը: Իշխանական կառոյցները դադրած են յայտարարութիւն կատարել օրաթերթերուն մէջ, իսկ սեփական հատուածը դադրած է վճարել նոյնիսկ արդէն իսկ հրատարակուած յայտարարութիւններուն համար», մեկնաբանած է ան:
«Ճոռնալ տօ Քոմմերսիօ» օրաթերթը հիմնուած է 1827-ին` ֆրանսացի Փիեռ Փլանշերի կողմէ:


