
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա»-ն, կը հաղորդէ, որ Անգարան մերժած է արժանթինցի դիւանագէտ Էսթանիսլաու Անխել Զաւելսի թեկնածութիւնը իբրեւ Թուրքիոյ մէջ Արժանթինի դեսպան` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Զաւելսի ունեցած դիրքորոշման պատճառով:
Արժանթինեան «Քլարին» օրաթերթը գրած է, որ Զաւելսի թեկնածութիւնը առաջադրած են խումբ մը նախկին դիւանագէտներ, որոնք նկատի առած են այն իրողութիւնը, որ անոր հայրը երկար տարիներ վարած է Թուրքիոյ մէջ դեսպանի պաշտօնը: Սակայն հարցը այն է, որ Զաւելս կրտսերը հեղինակ է շարք մը դիւանագիտական յօդուածներու, որոնցմէ մէկը, որ գրուած 2012-ին, կը կոչուի «Նոթեր Ցեղասպանութեան մասին»: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի. «Ցեղասպանութեան վերջին փուլը ատոր գոյութեան ժխտումն է: Շատ յայտնի է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ դէպքը: Մինչեւ վերջին ժամանակներս այդ Ցեղասպանութիւնը ժխտելը մաս կը կազմէ պաշտօնական քաղաքականութեան»: Դիւանագէտին կողմէ այդպիսի գրառումի գոյութիւնը բաւարար էր, որպէսզի անոր նշանակման կարելիութիւնը Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացնէր:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Ալֆոնսօ Թապաքեան նշած է, որ Թուրքիոյ կողմէ լոպիիստական կազմակերպութիւններու միջոցով տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող ճնշումները իրենց համար նորութիւն չեն: «Էրտողան կ՛ուզէ ունենալ միայն այնպիսի դիւանագէտներ, որոնք պիտի ըսեն այն, ինչ որ ինք պիտի ցանկար լսել», ըսած է ան:


