Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Թուրք Երեսփոխանը Ցեղասպանութեան Համար Ներում Հայցած Է Հայերէն

April 28, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Akpinar_42716

Պատեն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Շթութկարթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցած է աւետարանական Մարթին Լուտեր եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգեւոր հովիւի ողջոյնի խօսքէն ետք խօսք արտասանած է Պատեն-Վիւրթեմպերկի մարզի երեսփոխան, Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Վիլի Հայտեր: Ան ոչ միայն յստակօրէն դատապարտած է Թուրքիան` Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար, այլ նաեւ խօսած Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին եւ ներկաներուն վստահեցուցած, որ Կանաչներու կուսակցութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ, որ 2 յունիսին Գերմանիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Խօսք առած է նաեւ ազգութեամբ թուրք, իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութենէն Պիրկիւլ Աքփընարը, որ ներում հայցած է հայ ժողովուրդէն Ցեղասպանութեան համար` գլուխ խոնարհելով զոհերուն առջեւ եւ դատապարտելով Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները: Ան եւս խոստացած է ամէն ջանք ներդրել, որպէսզի Գերմանիոյ Պունտեսթակը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, եւ կարելի դառնայ երկխօսութիւնը Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերու, յոյներու, Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ թուրք երիտասարդներու միջեւ:

Խօսք առած է նաեւ Պատեն-Վիւրթենպերկի աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ փրոֆ. Ուլրիխ Հեկել, որ իր ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին եւ հաստատած է, որ աւետարանական եկեղեցւոյ բոլոր ուժերը կը ներդրէ, որպէսզի ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ուրուկուէյցի Երեսփոխանը Իր Երկրին Իշխանութիւնները Յորդորած Է Ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիան Իբրեւ Դեսպան Չէ Ընդունած Արժանթինցի Դիւանագէտը` Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալուն Համար

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.