Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Պաքուի Մէջ Անդրադարձած Է Ղարաբաղեան Հարցին

April 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cavusoglu_42516

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ազրպէյճանի մէջ պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն: Ան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ կը մասնակցի Պաքուի մէջ ընթացող Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ համաշխարհային համախմբումին:

«Մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու ամբողջականութեան: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը` Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն հարցը, պիտի լուծուի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կառոյցներուն որդեգրած որոշումներուն ծիրին մէջ` դիւանագիտական ճամբով: Մենք ատոր կողմնակից ենք», ըսած է ան:

Չաւուշօղլու շեշտած է, որ այդ առումով խիստ կարեւոր պատասխանատուութիւններ կան Մինսքի խմբակին, մասնաւորաբար եռանախագահութեան` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ ուսերուն:

«Եթէ անոնք ուզեն, ապա այս հարցը շատ կարճ ժամանակի մէջ կրնայ լուծուիլ: Իսկ Հայաստանը զինադադարի դրութիւնը կը խախտէ, որովհետեւ չ՛ուզեր քաղաքական լուծում: Մինչդեռ Ազրպէյճանը, զինադադարի միակողմանի խախտման մասին յայտարարելով, խնդիրի խաղաղ լուծման իր կողմնակից ըլլալը ցոյց կու տայ աշխարհին», ըսած է ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ Անգարան կողմնակից է խնդիրի խաղաղ լուծման, սակայն նաեւ կը սատարէ եղբայրական Ազրպէյճանին` հիմա եւ ապագային:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անտրամաբանական նկատած է Ռուսիոյ վարչապետին մեկնաբանութիւնները այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճին մէջ չի բացառուիր թրքական գործօնին գոյութիւնը: Թուրք նախարարը պնդած է, որ հայկական կողմը կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը, ինչպէս նաեւ ակնարկած է ռուսական գործօնի գոյութեան մասին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի մեկնաբանէ Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնները պատերազմի վերսկսման մասին, Չաւուշօղլու ըսած է. «Ես շատոնց ըսած եմ եւ հիմա ալ կ՛ըսեմ` Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու հարցին համար պատասխանատու անձերէն դրական մօտեցում կամ խաղաղ լուծում սպասելը աւելորդ լաւատեսութիւն է»:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Սխալմամբ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Պորտիւժա. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Կացութիւնը Մեծ Նշանակութիւն Ունի Հապկ-Ի Անվտանգութեան Համար»

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.