
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա լրագրողներուն յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիի անվտանգութեան ապահովման համար:
«Եթէ զինուորական գործողութիւնները կրկնուին, պիտի հասնի շրջան մը, երբ աշխուժ ու զինուած դիմակայութիւն սկսի, իսկ ատիկա պիտի պայթեցնէ ամբողջ կովկասը: Այդ ատեն այդ տագնապին մէջ պիտի ներքաշուին բազմաթիւ պետութիւններ, Կովկասի բազմաթիւ պետութիւններ: Ատիկա շատ լուրջ է, ես կը կարծեմ` այսօր գլխաւորը այնտեղ խաղաղութիւն ապահովելն է, որովհետեւ հակառակ պարագային Կովկասի մէջ շատ մեծ պատերազմ պիտի ըլլայ: Ես ատիկա չէի ցանկար», աւելցուցած է Պորտիւժա:
Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստան օգնութեան խնդրանքով չէ դիմած ՀԱՊԿ-ին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրումին ժամանակ: «Ոչ մէկ խնդրանք եղած է», ըսած է ան` պատասխանելով համապատասխան հարցումին: Ան աւելցուցած է, որ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին իրեն հասկցուցած են, որ «Հայաստանը, մեծ հաշուով, գործի չէ դրած այն ներուժին մեծ մասը, որ գոյութիւն ունի», ուստի ոչ մէկ խնդրանք եղած է:
Պորտիւժա միեւնոյն ժամանակ հաստատական պատասխան տուած է լրագրողի մը այն հարցումին, թէ մեկնելով այն փաստէն, որ Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Հայաստանի մաս չի կազմեր, արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ ՀԱՊԿ-ի ուժերը կրնան Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերել միայն անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն դէմ յարձակումի պարագային: «Այո՛, դուք ճիշդ կը հասկնաք», նշած է Պորտիւժա:


