Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Սխալմամբ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

US-embassy_42516

Թրքական «Թիւրքիյէ» օրաթերթը` ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութեան, կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը սխալմամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Թուրքիոյ մէջ հայկական պնդումներուն մեծ աջակցութիւն ցուցաբերող Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձած է. 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ իր յայտարարութեան մէջ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը», կը գրէ օրաթերթը:

Դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հրատարակութիւնը իր բովանդակութեամբ ընդհանուր առմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ապրիլքսանչորսեան ուղերձին նման եղած է, սակայն նախագահը այս անգամ եւս չէ օգտագործած «ցեղասպանութիւն» եզրը` սահմանափակուելով «Մեծ եղեռն» բնորոշումով, իսկ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ օգտագործուած է «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Նոյն յայտարարութիւնը տարածուած է նաեւ ընկերային ցանցերու` դեսպանատան պատկանող էջերուն վրայ: Համացանցի օգտատէրերուն կողմէ լայն տարածում գտնելէ ետք, անիկա բողոքի ալիք բարձրացուցած է թուրքերուն մօտ, որմէ ետք Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ընկերային ցանցերէն ջնջած է գրառումը, իսկ պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութենէն ջնջած է «ցեղասպանութիւն» եզրը: Միջադէպին առիթով որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն տակաւին չէ կատարուած:

Թրքական պաշտօնական շրջանակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի մեկնաբանէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր այդ վրիպումը: Թրքական կայքը չի բացառեր, որ միջադէպը կրնայ Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան յառաջացման պատճառ դառնալ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Լրատուամիջոցներու Անդրադարձը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Պաքուի Մէջ Անդրադարձած Է Ղարաբաղեան Հարցին

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.