Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔ ՈՒՆԻՆՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾԵՆՔ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

September 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան խստիւ դատապարտեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ սիւննի համայնքը թիրախ դարձած է: Ան հաստատեց, որ երբ իրենք կը քննադատեն, ապա պետական անձնաւորութիւնները կը քննադատեն, իրենց օրինազանցութիւններուն եւ օրէնքի խախտումներուն համար, եւ ոչ թէ` ամբողջ սիւննի համայնքը:

Իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Միքաթիի` զօր. Աուն յայտնեց, որ ան կը պաշտպանէ այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք ապօրինութիւններ գործած են, «եւ այդ պատճառով ալ դուն քաղաքական քու կեցուածքներուդ մէջ կը տկարանաս ու կը դառնաս քննադատութեան թիրախ. ի վերջոյ պիտի ստանձնես պատասխանատուութիւններդ», ըսաւ Աուն:

Զօր. Աուն եզրափակեց ըսելով, թէ այնքան ատեն որ իրենք պայքարելու կամք ունին, ապա Լիբանանը անպայման պիտի վերածեն պետութեան:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը նուաճում մըն էր բոլոր լիբանանցիներուն համար:

Ան դիտել տուաւ, որ լաւ է գիտնալ, թէ երկու կամ չորս տարուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ երկրին ելեկտրական հոսանքը ունենալ օրական 24 ժամ, որովհետեւ պատերազմի աւարտէն 20 տարի ետք տակաւին կը գտնուէինք անորոշ կացութեան մէջ եւ չէինք գիտեր, եթէ Լիբանանի ելեկտրական հոսանքի դրութիւնը պիտի բարելաւուի:

Ուահապ նկատել տուաւ նաեւ, որ հարկ է  նաեւ մշակել դատական իշխանութեանց վերաբերող բարեկարգումի լուրջ ծրագիր մը:

Ուահապ յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած են նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրէնքին վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են մեծ ընտրաշրջաններուն եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքներուն:

Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման կարելիութեան մասին հարցումի մը մասին պատասխանելով` Ուահապ շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս դէմ են այդ ատեանին ֆինանսաւորման` աւելցնելով, որ իր կարծիքով կառավարութիւնը պիտի չվաւերացնէ այդ ատեանին ֆինանսաւորումը: Ան առաջարկեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անձնապէս ֆինանսաւորէ այդ ատեանը:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.