Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Յայտնուած Են Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Երեսփոխաններուն Լուսանկարները

Ապրիլ 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Garo-Payian_42116

Երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խորհրդանշական տեղ զբաղեցուցած էին 101 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած եւ այդ օրերուն օսմանեան խորհրդարանի միւս հայ երեսփոխանները:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերու դահլիճին մէջ շարած է Գրիգոր Զոհրապի, Նազարէթ Տաղաւարեանի, Կարապետ Փաշայեանի, Գեղամ Տէր Կարապետեանի եւ նահատակ միւս երեսփոխաններուն մեծադիր լուսանկարները:

Կարօ Փայլան նաեւ «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրառում կատարած է` ըսելով, թէ 101 տարի անց անոնք կրկին վերադարձան խորհրդարան:

Փայլան նաեւ ելոյթ ունեցած է խորհրդրանի լիագումար նիստին, իր ելոյթին ընթացքին Թալէաթը, Էնվերը եւ Ճեմալը բաղդատած է Հիթլերին հետ ու մէկ-մէկ ներկայացուցած է բոլոր հայ երեսփոխաններուն լուսանկարները:

Աւելի կանուխ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ իր ընկերները խորհրդարանէն պահանջած են ուսումնասիրութիւն կատարել Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն մահուան հանգամանքներուն վերաբերեալ:

Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, թրքական «Ինթըրնեթհապեր» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը  այս նպատակով յատուկ դիմում-առաջարկ ուղղած է խորհրդարանի ղեկավարութեան:

Փայլանի եւ անոր կուսակիցներուն ստորագրութեամբ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ 1908-1915 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին մէջ գործած են 7 հայ երեսփոխաններ: Օսմանահպատակ հայերու այդ ներկայացուցիչները` Գրիգոր Զոհրապը, Վարդգէս Սերենգիւլեանը, Նազարէթ Տաղաւարեանը, Կարապետ Փաշայեանը, Օննիկ Դերձակեանը, Ստեփան Հրաչեանը եւ Համբարձում Պոյաճեանը Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած են տարբեր հանգամանքներու մէջ:

«Պոյաճեանը մահապատիժի ենթարկուած է, իսկ միւս երեսփոխանները 1915 ապրիլ-մայիս ամիսներուն ձերբակալուած են, ապա սպաննուած տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ: Մենք կը ցանկանք, որ խորհրդարանական հետաքննութիւն սկսի` պարզելու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս եւ որո՛ւն հրամանով սպաննուած են, որոշելու համար, թէ ո՛ւր կը գտնուին հիմա անոնց մասունքները, որպէսզի այդ մասունքները թաղուին ըստ պատշաճ կարգի, եւ վերականգնուի այս խորհրդարանին մէջ գործունէութիւն ծաւալած պատգամաւորներուն պատիւը», ըսուած է դիմում-առաջարկին մէջ:

 

 

Նախորդը

Պան Քի Մունի Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան Այցելութիւնը Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Նիստը

RelatedPosts

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025
Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է  Երկրի Նախագահին
Հայկական

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?