Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրթնաներկով Էի Գնում Կռուի»…

Ապրիլ 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

Pakin_42016Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանը յաճախ կը դիտեմ. սակայն առաւել եւս այս օրերուն սեւեռաբիբ կը հետեւիմ բոլորիս ուշադրութեան կիզակէտը դարձած Արցախի իրադարձութիւններուն, առտուան կանուխ, թէ ուշ գիշերուան ժամերուն: Վստահելի աղբիւրներէն  մէկն է անիկա, որովհետեւ նորութիւն մը, յաւելեալ մանրամասնութիւն մը քաղելու համար քառասմբակ ընթացող եւ երբեմն սուտն ու ճշմարիտը իրար խառնող համացանցի լրատուական կայքերուն ու ընկերային ցանցերուն կարելի չէ կուրօրէն ապաւինիլ:

Պատմութեան մէջ կ՛ապրինք հիմա. վկաներն ենք նոր օրերու «արեամբ սերտուած» հայոց պատմութեան: «Զարմանալի ազգ ենք. խաղաղութեան օրերուն կը լքենք մեր հայրենիքը եւ կը գաղթենք, իսկ պատերազմի օրերուն կը վերադառնանք Երկիր» թեւաւոր այս խօսքը,  բոլորիս ականջներուն մէջ կը հնչեցնէ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը. Երկիրը մեզ կը կանչէ, Արցախը մեզ կը կանչէ:

Այսպէս, չորեքշաբթի, 6 ապրիլի առաւօտեան ուղիղ եթերով սփռուած յայտագրի մը հիւրն էր Հայաստանի բանակի բարձրաստիճան գնդապետ  Այտա Սերոբեան (թող ներուի ինծի եթէ պաշտօնին բնութագրումը ճշգրիտ չկատարեցի), որ 90-ական թուականներուն մասնակցած է արցախեան ազատամարտին:

* * *

Աչքերս պահ մը փակելով` մտովի գացի ու հասայ մինչեւ 1995 թուականի աշուն, երբ հայրս` Պօղոս Սնապեան  վերադարձաւ Հայաստանէն` իրեն հետ բերելով արցախեան ազատամարտին մասնակցած ու զոհուած ազատամարտիկներուն մասին Հայաստանի թերթերուն, բայց մանաւանդ «Երկիր» օրաթերթի մէջ լոյս տեսած յօդուածները, ինչպէս նաեւ` «Բագին»-ի կոչին ընդառաջած անհատներու ձեռագիր թէ մեքենագիր անտիպ գրութիւնները: Արցախեան գոյամարտին նուիրուած «Բագին»-ի 1993-ի բացառիկէն ակամայ, բայց հասկնալի պատճառներով դուրս մնացած զոհուածներուն երկրորդ բացառիկ մը նուիրելու նպատակով, նախորդին նման «Ես մի զարկն եմ քո կռուի» ընդհանուր խորագրին տակ, մէկ տարուան տքնաջան ու տագնապալից աշխատանքէ ետք, «Բագին» ամսագիրը 1996-ին լոյս ընծայեց «Անկրկնելիներու ժամանակը»* խորագրով երկրորդ բացառիկ մը:

Տեղ գտած հերոսներուն շարքին մէջ կ՛ուզեմ առանձնացնել վերը յիշուած գնդապետ Այտա Սերոբեանին անունը, որ դարձեալ Հ1 կայանէն, 1998-99 թուականներուն, (թուականը ճշգրիտ չեմ կրնար յիշել), արցախեան ազատամարտին նուիրուած յայտագրի մը հիւրն էր:

Ասուլիսին կը մասնակցէին նաեւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ եւ հրամանատարներ: Եւ ահա անակնկալը.

aida_42016Գրկած «Բագին»-ի «Անկրկնելիներու ժամանակը», էջ 372 բացած, յայտարարեց. «Ես Այտա Սերոբեանն եմ, մասնակցած եմ արցախեան պատերազմին, ողջ եմ, չեմ զոհուած, ինչպէս կը նշէ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Բագին» ամսագիրը. բայց պատիւ կը համարէի, եթէ ես ալ զոհուած ազատամարտիկներու շարքին պատկանէի»:

Այտա Սերոբեանի կենդանի հերոսի օրինակը ցնցեց էութիւնս. թոյլ տրուած ակամայ «սխալը» մոռցած` դեռ երկար ատեն ականջիս մէջ մնաց ու կը շարունակէ մնալ իր դիպուկ խօսքը.

«Պատիւ` հայրենիքի սիրոյն զոհուիլը»:

* * *

Վերադառնալով 6 ապրիլի Հ1-ի յայտագրին, այլ կարգի հարցումներու աւարտին, հաղորդավարուհիին զարմացական ու հիացական հայեացքին տակ Այտա Սերոբեան կատարեց հետեւեալ խիստ հաճելի եւ իւրայատուկ յայտարարութիւնը. «Երբ մեզի կը հրահանգէին, թէ առաւօտեան ժամը 6:00-ին պէտք է պատրաստ ըլլայինք մեկնելու կռուի գիծ, ես կէս ժամ առաջ կ՛արթննայի, մազերս կը սանտրէի, շրթնաներկս կը քսէի, եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէի զինուորներուս հետ»:

«Ապրողներիս անունից շնորհակալութիւն, Այտա՛», կ՛ըսէր գրութեան հեղինակը. եւ մենք ալ 22 տարի ետք, դարձեալ  կ՛ըսենք.

Շնորհակալութիւն, Այտա՛,
Իգական սեռի քնքուշ ներկայացուցիչ,
Հայ կնոջ պատիւը բարձր պահող ոգի՛,
Շարունակէ՛ քու ազգանուէր գործունէութիւնդ,
Եղի՛ր գեղեցկութեամբ զօրեղ եւ  զօրութեամբ գեղեցիկ:

15 ապրիլ 2016

*) Համազգայինի Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 2015-ին, «Բագին»-ի 1993-ի եւ 1996-ի Բացառիկները տեղադրուեցան www.hamazkayin.com կայքէջին վրայ:

Նախորդը

Ապրիլ 24-ի Ոգեկոչում Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

Ճակատամարտէն Ետք` Սպառազինուելու Ժամանակը

RelatedPosts

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս
Անդրադարձ

Յանձնառու Պիտի Դառնա՞նք Վաղուան Ամբողջական Եւ Անկախ Հայաստանին…

Յունիս 13, 2025
Անդրադարձ

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն. Ազգագրական-Աշուղական-Հայրենական-Ժողովրդական Երգերու Փայլուն Մեկնաբան՝ Ճոնի Կէօքճեան

Յունիս 12, 2025
Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?