Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճակատամարտէն Ետք` Սպառազինուելու Ժամանակը

April 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

horizon_42016

«Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք,
եւ այս պայքարը միասին պէ՛տք է աւարտենք,
համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»

ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ

Ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը կը միտէր կայծակնային յարձակումով ռազմական բեկում յառաջացնել Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ` հիւսիսէն գրաւելով Մարտակերտէն Քարվաճառ սփռուած տարածքը, իսկ հարաւէն` Ֆիզուլիի ու Ճեպրայիլի ճակատային գիծը:

Յարձակման ուժգնութիւնն ու տարողութիւնը կը փաստէ նաեւ, որ ազրպէյճանական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր նախածրագրած էր այս դաւադիր յարձակումը եւ փաստը այն է, որ չորսօրեայ բախումներու ընթացքին Պաքուն օգտագործեց իր գերարդիական զինանոցի ամբողջ պահեստը` մարտի դաշտ նետելով անօդաչու թռչող սարքեր եւ արտաձգային հեռահար հրթիւռներ:

Ազրպէյճանական այս նենգ  յարձակումն ու զինադադարի խախտումը ետ մղուեցաւ շնորհիւ հայկական բանակի ստորաբաժանումներու հակահարուածին, բայց մանաւանդ` հայ զինուորներու անվեհեր սխրանքներուն եւ անվկանդ հայրենասիրական ոգիին:

Չափակշռելով Արցախի ապրիլեան պատերազմի ռազմաքաղաքական տարողութիւնը, ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած այս յարձակումը կը տեղադրուի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութեանց ընդհանուր ծիրին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով վերոնշեալ աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանին մէջ թրքական գործօնը:

Արդարեւ, ներկայ հանգրուանին, Անգարայի եւ իր ցեղակից պետութեան կողմէ դիւանագիտական, ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով անհաւասար պայքար կը մղուի Հայ դատը, Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու եւ 1915-ին սկսած հայ ազգը ի սպառ ջնջելու եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը իր վախճանական նպատակին հասցնելու:

Հայոց պատմութեան նորօրեայ այս գոյամարտը շրջադարձային է: Կը գտնուինք պատմական այնպիսի փորձութեան մը դիմաց, ուր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերու համատեղ լարումն ու ներքին ճակատի միասնութիւնը օրուան հրամայականներն են:

Ներկայ հանգրուանին համազգային մեր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայոց բանակը: Մեր պետութեան լինելութեան կռուանը հայոց բանակն է: 24 տարի առաջ արցախեան ազատամարտի թէժ մարտերու յորձանուտին մէջ ծնունդ առաւ հայոց բանակը, որ պիտի դառնար հայ ազգի անվտանգութեան եւ գոյատեւելիութեան հիմնական երաշխաւորը: Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին թշնամիի սանձազերծած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան մատնելով` հայ զինուորը փաստեց, որ  իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական կատարեալ պատրաստուածութեամբ կը մնայ պատնէշի վրայ հսկող հայրենիքի արթուն պահակը:

Ի մտի ունենալով վերջին զարգացումները եւ ի տես ազրպէյճանական զինուորական հրթիռակայաններուն ու գերարդիական ռազմօդային սարքերուն` այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է սպառազինել մեր բանակը, հետեւակազօրքն ու իւրաքանչիւր զինուորը, որպէսզի սահմանային պաշտպանական մեր ամրոցները մնան անխորտակ:

Այսօր մեր սեփական ուժերուն, կարողութեան եւ կամքին վստահելու ժամանակն է, հայաշխարհի բնակավայրերէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ոստանները  հայոց բանակին նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելու, հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութիւնը միասնաբար կերտելու պահն է` հաստատ գիտակցելով, որ

Մենք ենք մեր սարերը,
Մենք ենք մեր սահմանները,
Մենք ենք մեր ապաւէնը:

 

 

Նախորդը

«Շրթնաներկով Էի Գնում Կռուի»…

Յաջորդը

Ի Խնդիր Նոր Քաղաքական Մշակոյթի

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.