Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք կրկին աշխուժացած են խօսակցութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած «Մատրիտեան սկզբունքներ» անուանումը ստացած փաստաթուղթին մասին: Վերջինս պաշտօնապէս կողմերուն ներկայացուած է 2007 թուականին, յաջորդող տարիներուն անիկա ենթարկուած է կարգ մը փոփոխութիւններու եւ կը նկատուի բանակցային հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին պաշտօնական փաստաթուղթը: Այս մասին գրած է լրագրող Ա. Նարինեանը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան` անդրադառնալով վերոնշեալ սկզբունքներուն, նշած է, որ 2007 թուականին, անոնց հրապարակումէն ետք ՀՅԴ Արցախի կառոյցը բազմիցս անդրադարձած է այդ հարցին` յայտարարելով, որ այդ սկզբունքները չեն բխիր ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութեան, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան շահերէն:
«Մենք տարբեր առիթներով ըսած ենք, որ պէտք է ընդհանրապէս կազմաքանդել այդ սկզբունքները եւ հրապարակ բերել նոր սկզբունքներ: Մեզի համար անընդունելի են այն կէտերը, որոնց շուրջ կը բանակցին կողմերը: Կարեւոր է առանձնացնել հանգամանք մը եւս. առանց Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի համաձայնութեան` որեւէ փաստաթուղթի, որեւէ սկզբունքի ընդունում մեզի համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ: Ըստ այդմ, անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի ներգրաւուածութիւնը բանակցային հոլովոյթին», յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու վերաբերող քննարկումներուն` Իշխանեան նշած է, որ 25 տարիներու ընթացքին Արցախը միշտ ալ կրցած է իր դիմաց եղած հարցերը լուծել ինքնուրոյն կերպով, ուստի հոն խաղաղապահ ուժերու տեղակայման խնդիր չկայ այսօր:
«Ղարաբաղեան տագնապը կը տարբերի բոլոր այն տագնապի գօտիներէն, ուր գործածուած են կամ կը գործածուին խաղաղապահ ուժեր: Մենք բաւարար կարելիութիւն ունինք սահմանի ամբողջ երկայնքով Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու, եւ միջազգային փորձը ցոյց տուած է, որ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը տակաւին չի կրնար երաշխիք ըլլալ խաղաղութեան պահպանման համար», նշած է ան:
Ան կարեւոր նկատած է նաեւ գիտակցիլ, որ քառօրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած է բոլորովին նոր իրավիճակ, եւ Ազրպէյճանի կողմէ 1994 թուականի զինադադարի ուղղակի խախտումի այդօրինակ տարողութիւնը կը թելադրէ նոր սկզբունքներու շուրջ քննարկումներու սկսիլ:
Դաւիթ Իշխանեան նշած է նաեւ, որ քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուած է, որ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան հիմնահարցերը լիովին լուծուած չեն, մասնաւորապէս` Արցախի հիւսիսային շրջանին եւ կեդրոնական հատուածներուն մէջ. «Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային հատուածը եւ Մարտունի շրջանային կեդրոնը տակաւին ամբողջական անվտանգութեան բաղադրիչներով չեն ապահովուած, եւ կարեւոր է գիտակցիլ, որ այդ տարածքները անխոցելի դարձնելու համար անհրաժեշտ է ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովող եւ երաշխաւորող աւելի ընդլայնուած տարածք ունենալ: Կը կարծեմ` այս ուղղութեամբ ոչ միայն պէտք է մտածել, այլեւ յստակ քայլերու ձեռնարկել»: