Չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, տեղի պիտի ունենայ «Զօրակցի՛նք Արցախին» նիւթով ռատիոթոնը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Այս առիթով ժողովուրդին յատուկ լուսաբանութիւններ փոխանցելու համար, «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի հետ:
Հաւաթեան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան պահանջատիրական երթի եւ ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերուն եւ անկէ ետք նաեւ` անկախութեան կերտումի եւ պետականութեան կայացման հոլովոյթներուն մէջ միշտ ալ անսակարկօրէն բերած է իր մասնակցութիւնը եւ ունեցած իր իւրայատուկ ներդրումը: Աւելի՛ն, լիբանանահայութիւնը Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ բերած է իր վճռական մասնակցութիւնը եւ իր ընտրեալներէն տուած նահատակներ:
Այսօ՛ր, Արցախի անկախութեան կերտումէն եւ պետականութեան հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք, թշնամի Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ անմիջական միջամտութեամբ, անգամ մը եւս կը փորձէ սպառնալ Արցախի գոյութեան եւ թափանցել անոր սահմաններուն մէջ: Հայկական բանակի քաջերը հայոց նորօրեայ հերոսապատումն է, որ կը կերտեն եւ թշնամիի բոլոր սադրանքները կը մատնեն ձախողութեան ու հայրենիքի սահմանները կը պահեն անառիկ:
Անշուշտ կը ցաւինք, որ այս բոլորը կը խլեն նոր նահատակներ եւ նոր արիւն: Վերջին դէպքերուն ընթացքին նահատակուած են հայոց բանակի աւելի քան 90 զինուորներ, մանուկներ, անզէն քաղաքայիններ եւ արձանագրուած մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնցմէ մաս մը դարձած է հաշմանդամ եւ դատապարտուած ցկեանս անկողինին ծառայելու: Այս տղաքը համայն հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ու համայն հայութեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած ու վիրաւորուած անձնուրացներ են, եւ անհրաժեշտ է, որ անոնք դառնան համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը ու գուրգուրանքի ենթական: Պէտք է գիտակցինք, որ այսօր մեծ թիւով հայ մայրեր կ՛ապրին իրենց հերոս զաւակներու կորուստին առթած վիշտն ու, նոյն ժամանակ` հպարտութիւնը: Մենք պարտաւոր ենք բաժնեկից դառնալու անոնց վիշտին եւ հպարտութեան: Տակաւի՛ն, սահմանամերձ գիւղերու հայ գիւղացիներու բնակարանները քար ու քանդ դարձած են, եւ անհրաժեշտ է շուտափոյթ կերպով անցնիլ վերաշինութեան աշխատանքին, որպէսզի անոնք վերադառնան կեանքի բնականոն հուն: Վերջապէս, հայոց բանակը եւ Արցախի ժողովուրդը ընդհանրապէս պէտք է այսօր եւս ունենան այն խոր հաւատքն ու համոզումը, որ իրենց կողքին է համայն հայութիւնը իր բոլոր շերտերով:
Այս ռատիոթոնը օժանդակութեան ձեռք երկարելու նախաձեռնութիւն մը չէ սոսկ, այլ` շա՛տ աւելին: Փաստօրէն մասնակցութեան միջոց մըն է ընդհանուր կռիւին, որովհետեւ հայութիւնը ճակատամարտը շահած է, սակայն տակաւին պատերազմը չէ աւարտած: Հետեւաբար, անվարան պէտք է փութալ ամրացնելու հայութեան միջնաբերդը եւ բարձր պահելու Արցախի հողին կառչած հայ անհատի կորովն ու վճռակամութիւնը:
Անդրադառնալով ռատիոթոնի ընթացքին` Հաւաթեան յայտնեց, որ արդէն իսկ այսօրուընէ սկսեալ մեծ թիւով ազգայիններ յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը եւ արդէն իսկ սկսած են կատարել իրենց խիղճի պարտքը: Ան աւելցուց, որ այս ռատիոթոնը համաժողովրդային դարձնելու բոլոր աշխատանքները կատարուած են` համայնքի ազգային, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, հայրենակցական, ինչպէս նաեւ մասնագիտական տարբեր խմբաւորումներու հետ անհրաժեշտ կապերը հաստատելով, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դառնայ համազգային գործին: Ան հաստատեց, որ անգամ մը եւս գաղութին բարեկեցիկ ազգայինները, իրենց կարգին, սիրայօժար մասնակից պիտի դառնան հայրենանուէր այս ծրագիրին, մի՛շտ վառ պահելով սփիւռքի կեդրոնական այս գաղութի դերն ու նշանակութիւնը համահայկական երթին մէջ:
Հաւաթեան յայտնեց, որ չորեքշաբթի, 20 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, մեր ժողովուրդը կրնայ ներկայանալ «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող տարածքը եւ կատարել իր ազգային ազնիւ ու վսեմ պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ ուղղակիօրէն կապ հաստատել «Վանայ ձայն»-ին հետ:
Ռատիոթոնի կազմակերպիչ մարմինի անդամները պիտի դիմաւորեն ազգայինները եւ ստանձնեն նուիրատուութիւնները: Այս առիթով ամբողջ օրուան ընթացքին «Վանայ ձայն»-էն պիտի սփռուին յայտագիրներ եւ հարցազրոյցներ` ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու Արցախի մէջ տիրող կացութեան:
Յայտնենք, որ ռատիոթոնին մասնակցութեան համար լիբանանահայութեան կոչ ուղղած են Արամ Ա. վեհափառը, հայ երեք յարանուանութիւններու կրօնական պետերը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ համայնքի պատասխանատուներ, կրթական եւ մշակութային գործիչներ: Այդ բոլոր պատգամներուն կարելի է հետեւիլ դիմատետրի ARF LEBANONTASHNAG պաշտօնական էջին վրայ, ուր նաեւ ռատիոթոնի օրը, «Վանայ ձայն»-ի կողքին կարելի է ուղղակի հետեւիլ ընդհանուր մթնոլորտին եւ ռատիոթոնի ընթացքին: Այս առիթով պիտի սփռուին նաեւ յատուկ պատգամներ` Հայաստանէն եւ Արցախէն, եւ վերջապէս` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պիտի տայ իր ուղերձը լիբանանահայութեան:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց եւ նուիրատուութիւններու արձանագրութեան համար կարելի է դիմել «Վանայ ձայն»` հեռաձայնելով 01-241199/ 01-267657/ 03-409909 թիւերուն: