Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 ապրիլին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է ապրիլի սկիզբը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերուն, անոնց հետեւանքներուն եւ անկէ եղած եզրակացութիւններուն: Ան շեշտած է, որ պէտք է բանակցային ճամբով լուծում գտնել տագնապին:
«Այս ամսուան սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գլխաւոր բացատրութիւնը այն է, որ Ազրպէյճան ձախողած է բանակցային գործընթացին մէջ: Ժամանակին ձախողած էր զինուորական մակարդակի վրայ, փորձեց յաջողութեան հասնիլ բանակցութիւններու միջոցով, բայց դարձեալ ձախողեցաւ», ըսած է Նալբանդեան` աւելցնելով. «Ի՞նչ է, եթէ ոչ ձախողութիւն, երբ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը եւ վերջինը ներկայացնող եռանախագահող երկիրները կը խօսին յայտնի երեք սկզբունքներու մասին` ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան մասին, Ազրպէյճանը կը խօսի միայն մէկ սկզբունքի մասին: Ի՞նչ է, եթէ ոչ ձախողութիւն, երբ եռանախագահները կ՛ըսեն, որ պէտք է ստեղծել դէպքերու քննութեան մեքանիզմ, որ կրնայ ոչ միայն հետաքննութեան, այլ նաեւ զսպումի մեքանիզմ ըլլալ, այդ առաջարկը կու գայ ոչ միայն եռանախագահներէն, այլեւ ՄԱԿ-էն, Եւրոպական Միութենէն, տարբեր միջազգային կառոյցներէ, իսկ Ազրպէյճանը կը ձեւացնէ, որ այդպիսի բան գոյութիւն չունի: …. Ի՞նչ էր, եթէ ոչ ձախողութիւն, երբ Քազանի մէջ իրենք, փաստօրէն, ետքայլ կատարեցին գրեթէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն», դիտել տուած է նախարարը:
Նախարար Նալբանդեան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճան միշտ ալ սպառնալիքներ հնչեցուցած է, անտեսած է զինադադարը յարգելու բոլոր կոչերը` ձեւացնելով, որ անոնք իրեն չեն վերաբերիր: «Հիմա գնաց աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու: Կը կարծեմ` բոլորին համար ակնյայտ է, թէ ո՛վ սկսած է այս գործողութիւնները: Բոլոր այն զրոյցներուն ընթացքին, որոնք ես ունեցած եմ իմ գործընկերներուն հետ, ոեւէ մէկուն մօտ կասկած չկար, որ այդ գործողութիւնները Ազրպէյճանը սկսած է», ըսած է Նալբանդեան` աւելցնելով. «Եւ երկրորդը, պարզ է, թէ որն էր իր նպատակը. այն, ինչ որ իրենք բազմիցս ըսած էին` զինուորական ճամբով լուծել տագնապը: Եւ կրկին ձախողեցաւ: Ազրպէյճանը կրնար ունենալ իր առջեւ դրուած նուազագոյն ու առաւելագոյն խնդիրներ: Կը կարծեմ` Ազրպէյճանը ո՛չ նուազագոյն, ո՛չ ալ առաւելագոյն խնդիրները լուծեց: Հիմա ստիպուած պիտի ըլլայ վերադառնալու բանակցային գործընթացին, նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ ու շարունակելու բանակցութիւնները: Վստահաբար, բանակցութիւններ վերսկսիլը այդքան ալ դիւրին չէ, պէտք է համապատասխան պայմաններ ապահովել, եւ եռանախագահներու ջանքերը ուղղուած են անոր»: