«Պէտք չէ սպասել, որ շրջանի հրատապ հարցերը լուծուին, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան կացութիւնը փրկել», յայտարարեց Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոն, երէկ կարգ մը լիբանանցի անձնաւորութիւններու հետ իր մասնակցած ճաշկերոյթին ընթացքին: Դեսպան Պոն վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան ամրապնդման` դիտել տալով, որ նախագահ Հոլլանտ կախարդական գաւազան չունի հարցերը լուծելու, սակայն Ֆրանսա միշտ ալ միջազգային իր ընկերակիցներուն հետ արծարծած է Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման հարցը:
Նշենք, որ դեսպան Պոն այս ծիրին մէջ կը շարունակէ իր հանդիպումները լիբանանցի զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահի Լիբանան այցելութեան առիթով, ներքին ապահովութեան ուժեր երթեւեկի յատուկ միջոցառումներ պիտի որդեգրեն եւ փակեն Պէյրութի կարգ մը ճամբաները: