Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քերրիէն Կը Պահանջէ Ազրպէյճանի Պատերազմական Ոճիրներու Հետապնդումը

Ապրիլ 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANCA-Kerry_41416

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ 12 ապրիլին քննադատած են Արցախի մէջ 1-5 ապրիլի միջեւ տեղի ունեցած ազրպէյճանական վերջին բռնարարքներուն դիմաց լուռ մնալու` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի կեցուածքը` միաժամանակ անկէ պահանջելով, որ հետապնդէ եւ յստակօրէն դատապարտէ ազրպէյճանական կողմին կատարած պատերազմական ոճիրները:

Այս դիմակալումը տեղի ունեցաւ Միջազգային քաղաքականութեան Խաղաղականի խորհուրդին առջեւ Քերրիի ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Հայ դատի յանձնախումբի անդամները իրենց այս մտահոգութիւնները փոխանցած են յատկապէ՛ս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւններէն միայն քանի մը օր առաջ, Քերրի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած էր այդ յարձակումները շղթայազերծած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ դարձեալ առիթը չէր օգտագործած դատապարտելու շրջանին մէջ լարուածութիւնը շարունակաբար սրել միտող ազրպէյճանական քայլերը:

«Դիւանագիտական մակարդակի վրայ, այս ձախողութիւնը աւելի յանդուգն դարձուցած է հետզհետէ աւելի մենատիրական դարձող Ազրպէյճանը` գործնականապէս քաջալերելով այդ զեղծարար նախագահը, որ շարունակէ դէպի պատերազմ իր սկսած արշաւը, որովհետեւ վստահութիւն ունի, որ միջազգային համայնքը դէմ պիտի չդնէ իր քայլերուն», նշուած է Հայ դատի յանձնախումբի հաստատումին մէջ:

Այս առիթը օգտագործելով` Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները պահանջեցին արտաքին գործոց նախարարէն, որ «Լիհի օրէնք»-ին հիման վրայ հետաքննութեան սկսի ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայ քաղաքայիններու եւ զինուորներու դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններուն կապակցութեամբ ու կասեցնէ Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական բոլոր օժանդակութիւնները: Միաժամանակ, անոնք շեշտեցին, թէ Ուաշինկթըն անմիջական քայլերու պէտք է դիմէ` նման յարձակումներու առաջքը առնելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու նպատակով, եւ ամէնէն կարեւորը` Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի վերջինս ընդունի սահմանագիծին վրայ յարձակող կողմը բացայայտող սարքաւորումներու տեղադրումը, ինչին համաձայնութիւն արդէն իսկ տուած են Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները: Այլապէս` կը պահանջուի ամերիկեան իշխանութիւններէն, որ ճանչնան գործնականապէս արդէն իսկ իբրեւ անկախ երկիր գոյատեւող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

 

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժըպրան Պասիլին Հետ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?