Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒՈՂ ՌՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

September 13, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութենէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հովանաւորութեամբ երէկ երեկոյեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ տարանջատուող ռումբերուն նուիրուած խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած էր արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան 119 երկիրներէ պատուիրակութիւններ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ օգտագործուած տարանջատուող ռումբերը ցնցեցին աշխարհին խիղճը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան պատրաստ է աշխարհին հետ բաժնելու տարանջատուող ռումբերու վնասազերծման նպատակով իր կատարած աշխատանքին փորձառութիւնը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ այդ ռումբերը խլած են մեծ թիւով լիբանանցիներու կեանքեր` ընդգծելով, որ տարանջատուող ռումբերը երկրին մէջ վերածուած են բռնագրաւումի մէկ ձեւին, որ ուղղակիօրէն կը կաշկանդէ քաղաքացիներուն շարժումները եւ մեծ վնասներ կը պատճառէ անոնց:

Նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն ու պետութիւններուն, որոնք գործեցին Լիբանանը տարանջատուող ռումբերէ վնասազերծելու առաքելութեան ի խնդիր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Սուտանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Համատ Քարաթին, որ նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրէն նամակ մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Իտրիս Սլէյմանի:

Նամակին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած էր միջազգային ամպիոններուն վրայ Լիբանանի կողմէ Սուտանին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:

Նամակին մէջ հաստատուած էր նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ, որ նախագահին ներկայացուց կրթական որոշ ծրագիր մը, որ կը վերաբերի երկրի ուսման մակարդակին բարելաւման ու արդիականացման:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան ներքաղաքական ընդհանուր իրավիճակը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` 11 սեպտեմբերի աղէտալի դէպքերուն 10-ամեակին առիթով:

 

Նախորդը

«ԻԲՐԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ` ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Յաջորդը

«ՀՅԴ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ Ա՛Լ ԱՒԵԼՈՐԴ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԵԼ» ԸՍԱՒ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.