Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ Ա՛Լ ԱՒԵԼՈՐԴ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԵԼ» ԸՍԱՒ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

September 13, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց ընդհանուր զեկուցում մը` վերջին ժամանակաշրջանին Հայ դատի ծիրին մէջ տարուող բազմակողմանի աշխատանքներուն մասին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ դիտել տուաւ, թէ կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, սակայն այս ժամկէտը ոչ մէկ ձեւով պիտի արգելակէ Հայ դատի հետապնդման առնչուող աշխատանքները, այլ անոնք յաւելեալ թափ պիտի ստանան ու շարունակուին, այնքան ատեն որ հայութիւնը տակաւին անլոյծ դատ ու բռնաբարուած իրաւունքներ ունի:

Վահրամ Էմմիեան
Կիրօ Մանոյեան

Ապա Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին` նկատի ունենալով քանի մը տարբեր մարզեր` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններ, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի առնչուող հարցեր:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչուող զարգացումներուն մասին` զեկուցաբերը անդրադարձաւ նախորդող օրերուն Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ կատարուած յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման: Ըստ Կ. Մանոյեանի, Արցախեան տագնապին առնչուող այս դրական կեցուածքը արդիւնք է Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքին, որովհետեւ Դաշնակցութեան մօտ կայ այն մօտեցումը, որ եթէ բանակցութեան ճամբով կարելի չըլլայ լուծել այս հարցը, ուրեմն կարելի է անցնիլ միջազգային ճանաչման հանգրուան եւ այս գծով աշխատանք տանիլ:

Ապա ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով կայացող բանակցութիւններուն, անոնց գծով միջնորդներուն ունեցած ակնկալիքներուն եւ կեցուածքներուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջադրանքներուն միջեւ առկայ տարբերութիւններուն մասին: Կիրօ Մանոյեան հաստատեց, որ ընդհանուր համաձայնութիւն կայ այն մասին, որ պատերազմը բացառուի, ինչպէս նաեւ հիմնական 3 սկզբունքներուն գծով` ուժի գործածութեան բացառում, տարածքային ամբողջականութեան յարգում, ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի յարգում, միջնորդ կողմերն ու Հայաստան համախոհ են, բայց եւ այնպէս Ազրպէյճան այն կարծիքին է, որ վերջին երկու սկզբունքները իրարու կը հակասեն, թէեւ միջազգային իմաստով նման բան չկայ: Զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ հարցը սկզբունքները մեկնաբանելու մէջ կը կայանայ, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերի սահմանային խնդիրներուն, հողային զիջումներուն եւ շրջանի ապահովութեան:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ աշխատանքներու երկրորդ ծիրը կը կեդրոնանայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վրայ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը պնդէ, որ ա՛լ աւելորդ է անոնց տակ Հայաստանի ստորագրութիւնը պահել, իսկ իշխանաւորները տակաւին կը զգուշանան այս քայլը առնելէ: Ան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները աւելի քան երբեք յառաջ քշեցին հողային իրաւունքներու հարցը, որովհետեւ Թուրքիոյ կողմէ արձանագրութիւններուն մէջ կայ այն մեկնաբանութիւնը, թէ Հայաստան այսպիսով կը հրաժարի իր հողային պահանջներէն: Ան աւելցուց, որ ներկայիս ամերիկեան քոնկրեսին կողմէ ընդունուած բանաձեւն ու Թուրքիոյ կատարած յայտարարութիւնները` եկեղեցիներու եւ ինչքերու հարցով, թէեւ այդ պահանջներուն հետ առնչութիւն կրնան ունենալ, սակայն հայութեան ունեցած պահանջներուն ամբողջական պատկերը ներկայացնելէ հեռու են: Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, քոնկրեսին բանաձեւը աւելի ընդգրկուն ու ամբողջական է եւ բանաձեւուած ամերիկացիներուն հասկցած ոճով: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը Թուրքիայէն միայն հողային հատուցման խնդիր չունի, այլ նաեւ մարդկային: Աւելի մանրամասն խօսելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին` Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ այդ գծով կայ նաեւ Ղարաբաղի հարցը, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը քննարկումի առարկայ դարձնելու պարագան, որոնք ամբողջովին մերժելի են, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը շարունակէ զանոնք յառաջ մղել, նաեւ գոհ է, որովհետեւ ինք առանց փոխարէնի իր ուզածին հասած պիտի ըլլայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Ջաւախքի հարցին եւ կեդրոնացաւ վրացական իշխանութիւններուն բանեցուցած հայաթափման քաղաքականութեան վրայ` այն մտավախութեամբ, որ շրջանի բնակչութիւնը կրնայ օր մը ըմբոստանալ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն նախագահական մակարդակի վրայ, եւ  ի վնաս վրացահայութեան ու ջաւախահայութեան: Անոր համաձայն, պէտք է Արեւմուտքին հասկցնել, թէ կացութիւնը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ Ջաւախքը կրնայ պայթիլ,  եթէ ճնշում բանեցուի անոր վրայ:

Ապա Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Նախիջեւանի հարցին, զոր կարելի չէ արծարծել, այնքան ատեն որ տակաւին Արցախի եւ Ջաւախքի տագնապները չեն լուծուած, բայց եւ այնպէս ընելիքներ կան այն իմաստով, որ Ազրպէյճան այդ շրջանին մէջ հակահայ աշխատանքներ կը տանի, ուստի պէտք է անոնց հակազդել:

Զեկուցաբերը խօսեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ թրքական թափանցումներուն ու Թուրքիոյ շահած համակրանքին մասին` անդրադառնալով այս բոլորին վտանգներուն:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒՈՂ ՌՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (14 սեպտեմբեր 2011)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.