
«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին վաճառուող սպառազինութիւններուն ցանկը:
2000 թուականէն Ազրպէյճան սկսած է աշխուժ կերպով զէնք գնելու Ռուսիայէն, սակայն համաձայնագիրներու առաւել մեծ թղթածրար մը ստորագրուած է 2010-ականներուն սկիզբը եւ կը գնահատուի առնուազն չորս միլիառ տոլարով: Անով Պաքուն ստացած է մօտաւորապէս 100 հատ Տ-90ս հրասայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմուշ «Մստա Ս» 2ս 19 մ1 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմուշ «Վեսնա» 2ս31 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմուշ 9ա52 «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի համակարգ, 18 նմուշ ՏՕՍ-1Ա «Սոլնցեպէոկ» ծանր հրանօթային համակարգ, 10 նմուշ «Քրիզանթեմ Ս» հակահրասայլային մարտական մեքենայ եւ 300 նմուշ «Իկլա Ս» շարժական զենիթահրթիռային համալիր` 1500 հրթիռներով եւ ճարտարագիտական-սակրաւորային մեծ համակարգ: Այս մասին գրած է «Լենթա»:
Բացի ատկէ, Ազրպէյճանին փոխանցուած են «Ֆաւորիտ» տեսակի Ս-300 Պմու-2 հեռահար զենիթահրթիռային համակարգի 2 գումարտակ եւ քանի մը մարտկոց «Տոր-Մ2» զենիթային համալիր: Ազրպէյճանցիները ստացած են 60 նմուշ Մի-17 ուղղաթիռ եւ 24 նմուշ Մի-35 մ հարուածային ուղղաթիռ:
Հայաստանի գնած զէնքը աւելի համեստ ցանկ ունի: Յայտնի է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ստացած է Տ-72 Բ նմուշի 35 հրասայլ եւ չճշդուած նմուշի 100 մարտական մեքենայ (փորձագէտները կը կարծեն, թէ ատիկա կրնայ ըլլալ զրահափոխադրիչ 80 կամ արդիական ՀՄՄ-2), 50 շարժական զենիթահրթիռային համալիրներ:
Աւելի կանուխ որոշում տրուած էր Երեւանին 200 միլիոն տոլար արտածման վարկ տրամադրելու` ռուսական սպառազինութիւններ գնելու համար: Գործարքը մինչեւ հիմա չէ կատարուած: Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր արագացնել Հայաստանին զէնքի տրամադրման համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթը: «Մենք շնորհակալ ենք ռուսական կողմէն պետական արտահանման վարկի տրամադրման համար` Հայաստանի կարիքներուն համար զինուորական արտադրանքի մատակարարման ֆինանսաւորման նպատակով: Սակայն, համաձայնութեան իրագործման հոլովոյթին մէջ կան որոշակի դանդաղումներ, այդ պատճառով ձեզմէ կը խնդրեմ «Ռոսոպորոն էքսփորթ»-ին հրահանգներ տալ համաձայնագիրը կնքելու վերաբերեալ», ըսած է Աբրահամեան:


