Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Լրատուամիջոցներ Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակի Գործողութիւնները Կը Նմանցնէ ՏԱՀԵՇ-ի Վայրագութիւններուն

April 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Newspapers_2016

Ազրպէյճանական բանակին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու ներկայութեան եւ ապրիլին արցախեան-ազրպէյճանական սահմանին անոնց մասնակցութեան հարցը դարձած է քննարկման եւ մտահոգութիւններու առարկայ միջազգային քանի մը լրատուամիջոցներու մէջ: Իտալական «Սփոնտասուտ» կայքի վերլուծաբանը նմանութիւններ կը գտնէ Արցախի մէջ` ազրպէյճանցի, իսկ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու ձեռագիրներուն միջեւ:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, իտալական կայքը կը շեշտէ, որ մարդոց գլուխներ կամ ականջներ կտրելը յատուկ է ահաբեկիչներուն, եւ այդ գործողութիւններով պարծենալու սովորութիւն ունին ՏԱՀԵՇ-ի անդամները: «Էզտիփրես» կայքին մէջ ազգութեամբ եզիտի զինուորի դաժանաբար սպաննուիլն ու անոր լուսանկարներուն հրապարակումը մեծ վրդովում յառաջացուցած է եզիտի օգտատէրերուն մօտ: Կայքի մեկնաբանութիւններու բաժինին մէջ կան հարիւրաւոր գրառումներ, որոնց մէջ ընթերցողները համեմատականներ կը կատարեն` շեշտելով, որ Ազրպէյճանը ոչինչով կը տարբերի ՏԱՀԵՇ-էն: Անոնցմէ շատերը ազրպէյճանական բանակի գործողութիւնները կ՛որակեն իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն:

Նոյն կայքին մէջ քննարկումներուն մասնակցած են նաեւ ազրպէյճանցի օգտատէրէրը, որոնք ոչ թէ կը հերքեն ազրպէյճանցի զինուորին կատարած վայրագութիւնները, այլ կը շեշտեն, որ պատերազմի ժամանակ ամէն ինչ ալ թոյլատրելի է:

Այն իրողութիւնը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները կը կռուին Ղարաբաղի մէջ, կը հաստատէ նաեւ ԻՍՆԱ կայքը: «Հարիւր ազրպէյճանցիներ, որոնք անդամ են ՏԱՀԵՇ-ի, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցելու նպատակով Սուրիայէն վերադարձած են իրենց երկիրը», կը գրէ կայքը: ԻՍՆԱ կը գրէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի այն անդամները, որոնք ունին ազրպէյճանական ծագում եւ որոնց թիւը կը հասնի շուրջ 100-ի, լքած են Սուրիան եւ նպատակ ունենալով մասնակցիլ ղարաբաղեան պատերազմին` Թուրքիոյ տարածքով կը վերադառնան իրենց երկիրը: Այս ծիրին մէջ չափազանց կարեւոր է նաեւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով ներկայացուած այն լուրը, որ վերջին օրերուն թրքական յատուկ ստորաբաժանումները օդանաւով եկած են Ազրպէյճան` սահմանին զոհուած ծառայակիցներու դիակները Թուրքիա տեղափոխելու համար: Այս վերլուծութիւնները կատարելու ատեն վերոնշեալ լրատու աղբիւրները կը յիշեցնեն Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին, որուն շարքերուն մէջ կան 3000 ազրպէյճանցի:

 

Նախորդը

Ռոկոզին. «Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Զէնք Մատակարարել Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Մամուլին Մէջ Հրապարակուած Է Ռուսիոյ Կողմէ Երեւանին Ու Պաքուին Վաճառուող Սպառազինութիւններու Ցանկը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.