Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Մամետեարովի Եւ Զարիֆի Հետ Եռակողմ Հանդիպումէն Ետք. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գծով Գործնականին Մէջ Բոլոր Համաձայնութիւնները Կը Գտնուին Սեղանի Վրայ» Ըսաւ Լաւրով

April 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գծով գործնականին մէջ բոլոր համաձայնութիւնները կը գտնուին «սեղանի վրայ»` նշելով. «Մօտ ենք այդ համաձայնութիւններու նուաճման»: Լաւրով նաեւ նշած է, որ Ռուսիան կոչ կ՛ուղղէ միջոցներ ձեռնարկելու, որպէսզի այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութեան դրսեւորում չարտօնուի:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հասնելու հարցին առնչութեամբ: «Մենք ձգտեցանք օգնել մեր մօտիկ բարեկամներուն` հասնելու համաձայնութեան, որ յոյսով ենք, պիտի պաշտպանուի եւ կատարուի, ներառեալ` հաշուի առնելով այն, որ կան յայտնի համաձայնութիւններ, որոնք տակաւին ընդունուած են 1990-ական թուականներուն եւ որոնք կը վերաբերին կրակոցի դադրեցման դրութեան նկատմամբ անժամկէտ բնոյթ ունեցող պարտաւորութիւններուն», ըսած է ան:

Լաւրով յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հետ:

Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ կը գտնուի Երեւան եւ այսօր պիտի այցելէ Պաքու: Հանդիպումները իրագործուած են նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բանակներու սպայակոյտերու պետերուն գծով:

«Մենք կը կարծենք, որ ներկայ իրավիճակը բոլորէն կը պահանջէ աւելի գործօն կերպով նայիլ անցեալին ունեցած համաձայնութիւններուն վրայ, մշակել շփման գիծին վրայ վստահութեան միջոցառումներ: Անոնք քննարկուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչին հետ: Այժմ կ՛երեւի` հաշուի առնելով բռնութեան աճը, որ արձանագրուած էր լարուածութիւն – բայց եւ այնպէս կարելի եղաւ զայն հանդարտեցնել, կարելի պիտի ըլլայ վերադառնալ այդ թեմային: Սակայն կ՛ուզեմ անմիջապէս ըսել, որ տագնապի ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդումը բնաւ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ուժաթափ ըլլանք այն բանէն, ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան տագնապի բազմակողմանի քաղաքական լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան», ընդգծած է Լաւրով:

«Եւ Ռուսիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր եւ իբրեւ իր ազգային որակով, որ սերտ եւ բարի յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի հետ, ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր նախաձեռնութիւնները յառաջ տանի այն աշխատանքին հունով, որ վերջին ժամանակին կատարուած է այդ ուղղութեամբ», վստահեցուցած է ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ առաջարկած է վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման գծով գործիքակազմերու մասին հարցի քննարկման:

«Նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէջ արդէն արծարծուած էր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու մասին հարցը: Այժմ կարելի պիտի ըլլայ վերադառնալ այդ թեմային», ըսած է Լաւրով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան արձագանգելով Լաւրովի յայտարարութեան յայտնեց. «2011-ին կողմերուն ներկայացուած Քազանի փաստաթուղթը բանակցութիւններու սեղանին վրայ է: Ազրպէյճանը կը մերժէ զայն ընդունիլ` հակառակ անոր որ նախօրօք ատոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Պաքուի հետ: Մենք բազմիցս խօսած ենք այդ մասին: Աւելի՛ն, Քազանի մէջ հանդիպումի ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներկայացուցած է տասը նոր առաջարկ եւ փաստացի խափանած լուծման սկզբունքներու համաձայնեցումը»:

 

 

Նախորդը

Հայկական Ստորաբաժանումները Ձախողեցուցին Հետախուզական Ներթափանցման Փորձ Մը

Յաջորդը

Սահակեան. «Մենք Տեղեակ Եղած Ենք, Որ Հակառակորդը Բան Մը Կը Նախապատրաստէր»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.