Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ստորաբաժանումները Ձախողեցուցին Հետախուզական Ներթափանցման Փորձ Մը

Ապրիլ 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arzroun_40716

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին ու սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող վերջին իրադարձութիւններուն, Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 6 – 7 ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հիւսիսարեւելեան (Թալիշի) ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման գործողութեան մը:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին անդրադառնալով թշնամական խումբի յառաջխաղացքին` անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան:

Ծաւալած բախումներուն իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանական ուժերը իրենց զինուորներէն յիսնապետ Տիլգամօղլու Պայրամովի դիակը ձգած են մարտի դաշտին վրայ եւ նահանջած:

«Այս դէպքը ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական կողմը ոչ միայն չի յարգեր ձեռք բերուած զինադադարը, այլեւ սադրիչ քայլերով կը փորձէ նպատակաուղղուած կերպով ապակայունացնել արդէն իսկ պայթիւնային իրավիճակը:

Ա. Յովհաննիսեան ակնարկեց անյայտ կորսուածները որոնելու աշխատանքին` նշելով, որ ստորաբաժանումներէն շատերը իրենց մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ չեն գտնուիր: «Պաշտպանութեան բանակի հիմնական մասը մարտական վիճակի մէջ է, եւ այդ պարագային կարելի չէ շատ արագ ճշդել: Շատ հաւանական է, որ այսօր եւս գտնուին անյայտ կորսուած զինուորներ», ըսաւ ան:

Ազրպէյճանի մէջ գտնուող գերիներու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճանի հետ քաղաքակիրթ ոչ մէկ շփում կայ, գերիներու մասին խօսիլը դժուար է: «Սակայն այս իմաստով կարելի չէ հաստատումներ կամ հերքումներ կատարել», աւելցուց ան:

Երէկ կէս գիշերին Ա. Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Ղարաբաղի յատուկ ջոկատայիններ ազրպէյճանական Տափկարա-Կոյունլու գիւղի շրջանին մէջ գրաւած են «Ուրալ» վաճառանիշով զինուորական բեռնատար մը` լեցուն զինամթերքով:

Ան նշեց, որ Տաւուշի մարզին մէջ կացութիւնը խաղաղ է` աւելցնելով, որ մինչեւ ժամը 23:00 կրակոցներ արձակուած են: Ան դիտել տուաւ, որ կրակոցները ուղղուած են Վարդենիսի ուղղութեամբ, սակայն անոնք թիրախային չեն եղած, եւ անոնց իբրեւ հետեւանք մեծ վնասներ չեն արձանագրուած:

Ա. Յովհաննիսեան շեշտեց, որ հայկական կողմը աշխատած է պահպանել զինադադարը:

Հակառակորդի ձեռքին հայկական դիրքեր կամ յենակէտեր ըլլալու մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Ա. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ կան որոշակի հատուածներ, որոնք նշանակալի դիրքեր, յենակէտեր չեն` 200-250 մեթր տարածք է` հարաւային հատուածին մէջ:

Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ ազրպէյճանական կողմը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է նաեւ շտապ օգնութեան մեքենայ մը, որ խոցուած է անօդաչու թռչող սարքի օգնութեամբ` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

«Բարեբախտաբար անձնակազմը մէջը չէր: Անոնք դուրսն էին եւ կը փորձէին իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները իրականացնել, եւ այդ պահուն թռչող սարքը տեղեկութիւն տուած էր զայն հարուածելու: Այսինքն` գիտէին, որ անիկա շտապ օգնութեան մեքենայ է: Այս մէկը Ժընեւեան ուխտի կոպիտ խախտում, մարդասիրական սկզբունքներու խախտում է եւ ահաբեկչութեան դրսեւորում», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործադիր բաժինի պետ գնդապետ Վիքթոր Առուստամեան յայտնեց, որ 1-7 ապրիլին ազրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած զինուորներուն թիւը հասած է 36-ի, իսկ վիրաւորներունը` 122-ի:

Առուստամեան յայտնեց, որ որոնողական աշխատանքներուն ծիրին մէջ մարտի դաշտէն կարելի եղած է դուրս բերել 4 զինուորներու աճիւններ:

Ան աւելցուց, որ զինադադարի խախտումին պատճառով վիրաւորուած է մէկ զինուոր, իսկ անյայտ կորսուած զինուորներուն թիւը այսօրուան դրութեամբ կը կազմէ 21 հոգի:

«Զանոնք յայտնաբերելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին», ըսաւ ան:

Առուստամեան յայտնեց նաեւ, որ երէկ Ակնայի (Աղտամ) մէջ պաշտպանութեան բանակը վար առած է ազրպէյճանական ուժերու 1 անօդաչու թռչող սարք:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բժշկական վարչութեան պետ, գնդապետ Կամաւոր Խաչատրեան նշեց, որ ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած վիրաւորներէն մէկը մահացած է:

«Ամբողջ գործողութեան ընթացքին ընդհանուր վիրաւորներուն թիւը 121 եղած է: 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ եղած են, 10-ը ծանր հիւանդներ են: Մնացեալը թեթեւ բեկորային վնասուածքներ ստացած եւ ապաքինումի ընթացքին մէջ են:

Ըստ անոր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ ներկայիս կան 32 վիրաւոր զինուորներ, որոնք բոլորն ալ կը խնդրեն վերադառնալ իրենց ծառայութեան վայրերը` պնդելով, որ իրենց պարտականութիւնն է վերադառնալ:

Խաչատրեան դիտել տուած է, որ բժշկական կազմը առաջին օրէն իսկ արտակարգ աշխատանք տարած է:

Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ լուրջ համագործակցութիւն հաստատուած է առողջապահութեան նախարարութեան հետ:

 

 

Նախորդը

Շուտով Պիտի Վերանորոգուին Մարտակերտի Մէջ Վնասուած Կառոյցները

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Մամետեարովի Եւ Զարիֆի Հետ Եռակողմ Հանդիպումէն Ետք. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գծով Գործնականին Մէջ Բոլոր Համաձայնութիւնները Կը Գտնուին Սեղանի Վրայ» Ըսաւ Լաւրով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?