Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Բանակը Որդեգրած Է ՏԱՀԵՇ-ի Ձեռագիրը

April 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Arman_40616
Արման Կիրակոսեան

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 1094-րդ յատուկ նիստին ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները որեւէ օգուտ չեն կրնար ունենալ շրջանի ժողովուրդներուն:

Ա. Կիրակոսեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական յարձակումի սանձազերծումը կը նպատակադրէր շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը` երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերէն, զսպել հասարակութեան դժգոհութիւնը` քարիւղի գիներու անկման եւ գնաճին պատճառով ստեղծուած ընկերային-տնտեսական կացութեան վերաբերեալ ու խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը` փորձելով առաւելութիւններ ձեռք բերել սադրանքներու եւ ուժի օգտագործման միջոցով:

Կիրակոսեան նշած է, որ վերջին առճակատումը կը զատորոշուի նախորդ լարուածութիւններէն` տարածքի զաւթումի փորձերով եւ քաղաքացիներու ու անոնց բնակարաններու զանգուածային ռմբակոծումով, որուն նպատակն է հարուած հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դպրոցի մը ռմբակոծման պատճառով անմեղ մանուկներու սպանութիւնն ու վիրաւորուիլը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի յատուկ ջոկատայիններուն կողմէ Թալիշ գիւղին մէջ տարեցներու դաժան սպանութիւնը կը նկատուին պատերազմական յանցագործութիւններ: Արման Կիրակոսեան ընդգծած է, որ քաղաքացիներու այդ կոտորածը կը յիշեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին սկզբնական հանգրուանին Ազրպէյճանի Սումկայիթ, Պաքու, Կիրովապատ ու այլ քաղաքներու մէջ գործուած հարիւրաւոր հայերու ջարդերը: Հայկական կողմը փաստեր ունի այն մասին, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը որդեգրած են ՏԱՀԵՇ միջազգային ահաբեկչական կառոյցին ձեռագիրը` խաղաղ բնակիչները յատուկ դաժանութեամբ սպաննելով իրենց մարտական ոգին բարձրացնելու առումով: Ան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճան նոյնիսկ չի ծածկեր սահմանամերձ շրջաններու, յատկապէս, Մարտակերտ քաղաքի ռմբակոծումը եւ նոյնիսկ կը սպառնայ թիրախ դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Դեսպան Կիրակոսեան ընդգծած է, որ վերոյիշեալ պատերազմական ոճիրներէն յստակ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կրնար պատահիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն, եթէ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը կարենային յաղթանակի հասնիլ:

«Նման պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը կարելի չէ կասկածի տակ առնել, որովհետեւ կը խօսինք ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան մասին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ 1994-ի զինադուլի եռակողմ համաձայնագիրին մաս կազմող պետութիւն, կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերու: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք եւ Հայաստանը` իբրեւ անոր ֆիզիքական անվտանգութեան երաշխաւոր, նեցուկ կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղին: Հայաստանի նախագահը արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջած է նախապատրաստել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիրի նախագիծ», շեշտած է Հայաստանի ներկայացուցիչը:

Դեսպան Կիրակոսեան կարեւոր նկատած է Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելը` զինադադարի դրութիւնը խաթարելուն ու այդպիսով շրջանային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վտանգելուն համար:

Դեսպանը անդրադարձած է Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան` նշելով, որ հայերուն նկատմամբ անոր թշնամական վերաբերումէն յայտնի է, որ այդ երկիրը կը սատարէ Ազրպէյճանին: Արդարեւ, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն սադրիչ յայտարարութիւնները` վերջին զինուորական առճակատման նախօրէին եւ ընթացքին, ու հետեւողական աջակցութիւնը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն արդէն իսկ փաստ են հայ ժողովուրդին նկատմամբ նոր ոճիրներու գործադրութեան բացայայտ քաջալերանքին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Խախտած Է Զինադադարը. Զինուոր Մը` Նահատակուած

Յաջորդը

Սպանիոյ Երկու Քաղաքներ Ճանչցած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ`  «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ,  Հնարաւորութիւններ» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

December 12, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

December 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

December 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.