Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը երէկ ուշ գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ ազրպէյճանական կողմը խախտած է կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը, կրակ բացած է եւ սպաննած զինուոր մը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 6 ապրիլին` ժամը 18:30-ին (Ստեփանակերտի ժամանակացոյցով) հակառակորդը ականանետեր արձակած է շփման գիծի հիւսիսարելեւեան ուղղութեամբ (Թալիշ)` սպաննելով 1974-ի ծնունդ Արմէն Կարլեն Գասպարեանը: