
Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի:
Նախքան օրակարգային կէտերու քննարկումը, վարչապետը ըսած է.
«Ապրիլէն սկսեալ զինադուլի մասին համաձայնագիրները կոպիտ կերպով խախտելով` Ազրպէյճանի զինուած ուժերը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սանձազերծած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ամբողջ սահմանագիծին վրայ: Ծանր հրետանիի, հրասայլերու եւ օդուժի կողմէ յարձակումներու թիրախ դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը, քաղաքացիներն ու բնակավայրերը, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են զոհեր: Կ՛առաջարկեմ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մեր նահատակներուն յիշատակը»:
Ապա խօսք առաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ մանրամասնութեամբ ներկայացուցած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակը` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ նման կացութիւն աննախընթաց էր:
«Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւնները աննախադէպ էին ո՛չ միայն 1994 թուականի զինադուլէն ետք, այլեւ` ընդհանրապէս Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին հետ բաղդատելով` հաշուի առնելով քանի մը հանգամանք: Նախ եւ առաջ, զինուորական դիտանկիւնէն մեկնելով, սահմանագիծին վրայ գործադրուող կրակի խստութիւնը, օգտագործուած սպառազինութիւնը եւ զինուորական սարքերու տեսակները (որոնց մասին պարբերաբար իրազեկուած է մեր հանրութիւնը), ներգրաւուած ուժերու եւ միջոցներու քանակը, եւ անոնց շարունակական ծաւալումն ու սահմանագիծի մօտենալու իրականութիւնը, ժամանակի իմաստով կորուստներու մեծ քանակը, ներառելով նաեւ Ազրպէյճանի կորուստներու թիւը` համեմատած պաշտպանութեան բանակի կորուստներուն շատ աւելի էին, կարելի է ըսել, շուրջ 10 անգամ աւելի: Զինադուլէն սկսեալ լուրջ աշխատանք կը տարուի հակամարտող ուժերուն մարտական պատրաստութեան մէջ բարեփոխումներ կատարելու եւ` զինուած ուժերուն մարտունակութեան, մարտական կարողութիւններու բարձրացման ուղղութեամբ, յատկապէս վարձկաններու, ահաբեկիչներու առկայութիւնը` Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ, տարբեր ուղղութիւններով հարուածելու եւ անոնք յարձակումները ետ մղելու իմաստով:
Իրաւական տեսանկիւնէ` Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումի ակնյայտ բնոյթը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անոնք կ՛ըսեն, որ իրենք պատասխանած են մեր գործողութիւններուն, այդ բնոյթի այդքան լայնածաւալ գործողութիւնները կ՛արտօնեն մեզի հետեւցնելու, որ անոնք նախապատրաստուած էին եւ ոչ թէ համաչափ գործողութիւններ էին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն դիակներուն եւ ոչնչացուած սպառազինութեան առկայութեան մասին նաեւ մեր հանրութիւնը իրազեկուած է:
Մարդասիրական տեսանկիւնէն` ակնյայտ զինուորական յանցագործութիւններու առկայութիւնը, այսինքն` խոշտանգումները, գլխատումները եւ սանձազերծուած գործողութիւններու լայնածաւալ ըլլալը: Հասարակական տեսանկիւնէն` մեզի համար, պարո՛ն վարչապետ, ակնյայտ է մեր հասարակական համախմբումը եւ կամաւորական շարժման պատրաստակամութիւնը, կարելի է ըսել` վերածնունդը` մեր հասարակութեան մէջ, տիրող բարձր մակարդակի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, նաեւ այն հերոսութիւնները, զորս ցուցաբերած են պաշտպանութեան բանակի զինուորները եւ կամաւորական շարժման ներկայացուցիչները, ազատամարտի վեթերանները եւ մնացեալը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղ մեկնած են` պաշտպանելու մեր հայրենիքի այդ հատուածը», ըսած է նախարարը:
Սէյրան Օհանեան հաստատած է, որ հայկական կողմին այս հերոսութիւններուն պատճառով Ազրպէյճան ոչինչի կրցած է հասնիլ, նոյնիսկ ռազմավարական առումով:
«Մեր տեղեկատուական դաշտին մէջ ներկայացուած այն տեղեկութիւնները, որ քանի մը բնակավայրեր իրենց մօտ կը գտնուին, տուեալ բնակավայրերը` Թալիշ, Նոր Սէյսուլան գիւղերը, կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հակակաշիռին տակ: Մարտավարական առումով` քանի մը վայրի մէջ` հարաւի, կեդրոնի եւ հիւսիսի, աւելի լայնածաւալ յարձակումներուն եւ թէժ կէտերուն վերահսկողութիւնը, նախաձեռնութիւնը եւ կրակային խոցումի կարելիութիւնները կը գտնուին պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքեւ: Եւ այս առումով, մենք պէտք է ազգովին գլուխ խոնարհենք մեր զինուորներուն, մեր հրամանատարներուն եւ մեր կամաւորականներուն առջեւ, որոնց գործողութիւններուն շնորհիւ մենք կրցանք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէն սանձազերծուած գործողութիւնները ետ մղել եւ գետնի վրայ մարտավարական նախաձեռնութիւնը պահպանել` պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն շնորհիւ», դիտել տուած է ան:
Խօսելով տիրող զինադադարին մասին` պաշտպանութեան նախարարը բացատրած է. «Այժմ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որովհետեւ գիտէք, որ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցած են երկու պետութիւններուն զինուած ուժերու հրամանատարները` զինադադարի հաստատման վերաբերող, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի փոխօգնութեան պայմանաւորուածութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութենէն կամաւորական շարժման, ինչպէս նաեւ համապատասխան միջոցառումներու իրականացման պայմաններուն մէջ` այսօր պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան աստիճանը, մարտական կարողութիւնները, պաշտպանութեան, ընդհանուր առմամբ, ձեւաւորուած կազմակերպուածութիւնը, պաշտպանութեան բանակի ծաւալումը համապատասխան հատուածներուն մէջ եւ անոր պատրաստակամութեան աստիճանը մեզ կը մղեն ըսելու, որ անոնք պատրաստ են այսօր` ո՛չ միայն պատրաստութեան, այլեւ հակառակորդին կողմէ հետագայ գործողութիւններու կանխարգիլման արձագանգելու` որեւէ գործողութիւններու, եւ կրնամ ըսել, դեռ աւելին», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը:
Սէյրան Օհանեանի ելոյթէն ետք վարչապետը հաստատած է. «Այս յարձակողականութիւնը անգամ մը եւս փաստեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրութիւնը»:
Անկէ ետք ՀԱԿ-ի խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան նախարար Օհանեանին հարցուցած է, որ կառավարութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ մշակած է` զոհուածներուն եւ հաշմանդամներուն, վիրաւորներուն աջակցելու նպատակով:
«Զոհուածներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն հարցը մեր ուշադրութիւնը տակ է: Մարտական գործողութիւններուն ժամանակ գոյութիւն ունին անվերադարձ եւ վերադարձուող կորուստներ: Վերադարձուողը այն է, որ վիրաւորուած զինուորը կը բուժուի եւ կը վերադառնայ: Այս օրերուն հիւանդանոցները այցելած են պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք տեսած են, որ վիրաւորներէն շատերը տրամադրուած են եւ ոգեւորուած, որ պիտի վերադառնան եւ նոյնիսկ անդամահատուած ոտքերով աջակցին իրենց մարտական ընկերներուն: Մենք կ՛աշխատինք անոնց արագ ոտքի կանգնեցնելու, եթէ Հայաստանի մէջ կարելի ըլլայ անոնց բուժումը, Հայաստանի մէջ, իսկ եթէ հոն կարելի չէ, արտերկրի մէջ: Մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին նաեւ զոհուածներուն ընտանիքները: Գոյութիւն ունեցող կարգի եւ օրէնսդրական թղթածրարին առումով կը տրամադրենք համապատասխան օգնութիւն եւ յուղարկաւորութիւններու, եւ գերեզմաններու, գերեզմանաքարերու բարեկարգումին համար: Այս բոլորէն բացի, ե՛ւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը, կառավարութիւնը առանձին աջակցութիւններ կը ցուցաբերեն: Այդ աջակցութիւններու շրջանակը կը վերաբերի նաեւ որոշ բարերարներու եւ անհատներու», բացատրած է նախարար Օհանեան:


