
Փարիզի մէջ բազմամարդ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է: ՀՅ Դաշնակցութեան «Նոր սերունդ» Երիտասարդական միութեան հարիւրաւոր անդամներ ուղղուած են Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` բողոքելու Ազրպէյճանի մարդատեաց քաղաքականութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումներուն դէմ:
«Սթոփ Ալիեւ» ընդհանուր կարգախօսին տակ` երիտասարդները Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներով, Պաքուի քաղաքականութիւնը դատապարտող պաստառներով, վանկարկումներով, յիշեցուցած են համահայկական միասնութեան եւ Արցախին զօրակցելու մասին:
Կազմակերպիչները, ցոյցի մասնակից երիտասարդներուն անունով, յայտարարած են, որ Ֆրանսայի մէջ բնակող երիտասարդները պատրաստակամ են վերադառնալու հայրենիք եւ առաջին գիծին վրայ պաշտպանելու մեր պատմական հողերը:


