Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգային Միասնականութիւն Ու Ղարաբաղի Զօրակցութիւն` Մղիչ Ուժը Պէտք Է Դառնան Հայ Ժողովուրդին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Karabakh_40516

Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ի գիշերը, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ եւ երէկ` երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2016-ի առաւօտուն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, եւ անոնց փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը: Զոյգ վեհափառ հայրապետները շեշտեցին թեմերուն կողմէ Ղարաբաղին օժանդակութեան գծով առնուելիք որեւէ քայլի պարագային աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը:

Երէկ, վեհափառ հայրապետին այցելեցին Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Բնականաբար խորհրդակցութեան միակ նիւթը Ղարաբաղն էր:

Խօսելով Ղարաբաղին աջակցելու կարելիութիւններուն մասին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Անհրաժեշտ է, որ Ղարաբաղի զօրակցութեան ուղղութեամբ առնուելիք որեւէ քայլ կատարուի միասնական ոգիով ու ճիգով: Հայութիւնը` Հայաստանի, Ղարաբաղի ու սփիւռքի մէջ, միջազգային համայնքին պէտք է ներկայանայ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, հաւաքական մէկ կամքով ու նո՛յն ձայնով: բ) Ներկայ աշխարհին մէջ զինեալ պատերազմի կողքին, եւ թերեւս աւելի՛ով, կարեւոր է լրատուական ու քարոզչական պատերազմը: Այս ուղղութեամբ յատկապէս սփիւռքը կարեւոր դեր ունի կատարելիք` միջազգային մամլոյ օրկաններուն մօտ Ղարաբաղի հարցը ճիշդ ու համապարփակ կերպով ներկայացնելու իմաստով: գ) Անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ, որ իւրաքանչիւր գաղութ տեղական պայմաններու համապատասխան կերպով իր ընդվզումը արտայայտէ ազրպէյճանցիներու անարգ ու բարբարոսային յարձակումներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնէ Ղարաբաղի հայութեան ու անոր ազգային իրաւունքներուն:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամները Կը Մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.