Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամները Կը Մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ

Ապրիլ 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tashnagtzoutoun_40516

5 ապրիլին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան հաստատած է, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով կը պատրաստուի այսօր` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին Արցախ երթալու: Ան դիտել տուած է, որ, թէեւ Ընտրական օրէնսգիրքը կարեւոր փաստաթուղթ է, սակայն այսօր երկիրը կը գտնուի շատ աւելի կարեւոր հարցերու դէմ յանդիման, ուստի պէտք է յետաձգել 4+4+4 ձեւաչափով քննարկումը:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ ընդդիմութիւնը կ՛առաջարկէ սառեցնել Ընտրական օրէնսգիրքի քննարկումը, Ռուստամեան նման քայլ մը բացառութիւն չէ նկատած:

Խօսելով ստեղծուած ռազմաքաղաքական լարուած վիճակին մասին` Ռուստամեան նշած է. «Անկեղծ ըլլալու համար, այս բոլորէն լաւ հոտ չի գար: Չենք գիտեր, թէ այս կացութիւնը ո՛ւր կը հասնի: Ամէն ինչ սառեցնելը կարելի է, բայց եթէ մենք նախապէս դէպի սառեցում ուղղուինք, ապա կրնանք սխալ տեղ հասնիլ:

Ատիկա կը նշանակէ ընտրութիւններուն հետ կապուած հոլովոյթի սառեցում, բայց մենք պարտաւոր են 1 յունիսին` ընտրութիւններէն նուազագոյնը տարի մը առաջ ունենալ ընտրական օրէնսգիրք: Եթէ այս ժամկէտներուն ընթացքին չեն ընդունուիր փոփոխութիւնները, ապա բոլոր ժամկէտները կրնան փոխուիլ, բայց այս արդէն արդարացի պատճառ մը ունենալու խօսակցութիւն է: Չեմ ուզեր այդ աստիճանի յոռետեսական կարծիք հնչեցնել, բայց չեմ բացառեր նաեւ` նկատի ունենալով, որ ինչպիսի՛ դրացիի հետ է մեր գործը»:

Ռուստամեանի համաձայն, Ազրպէյճան թքած է որեւէ արժեհամակարգի, սկզբունքներու վրայ եւ կը կատարէ այն, ինչ որ տուեալ պահուն խելքին կը փչէ: «Ազրպէյճան մտած է հոլովոյթի մը մէջ, որ սակայն չ՛արդարանար բազմաթիւ կորուստներու հետ: Անոնք պարզապէս մսացուի նման կը բերեն մարդիկ, զինուորներ, որպէսզի կարենան նուազագոյնը որոշ տարածքներ գրաւել», հաստատած է Ա. Ռուստամեան:

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները
Հանդիպում Ունեցած Են
Եւրոպական Միութեան Հայաստանի
Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ

Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, 5 ապրիլին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան հանդիպում ունեցած են գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սուիտալսքիի հետ:

Անդրադառնալով վերջին օրերու իրադարձութիւններուն` Ա. Վարդանեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած նախայարձակ գործողութիւնները` ծանր մարտական հրետանիի եւ օդուժի անմիջական օգտագործումով, ո՛չ միայն զինադադարի դրութեան խախտում են, այլ նաեւ փաստացի պատերազմական գործողութիւններու վերսկսում` սպառնալիք թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի, եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան անվտանգութեան: Շեշտուած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւնները լուրջ սպառնալիք են նաեւ շրջանի կայունութեան:

Ա. Վարդանեան ոչ համարժէք նկատած է շարք մը միջազգային կառոյցներուն տուած արժեւորումը` Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ մարտական գործողութիւններու ծաւալման նկատմամբ: Ներկայացնելով նաեւ խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ ազրպէյճանական կողմին կատարած վայրագութիւնները` Վարդանեան  ընդգծած է, որ նման գործելաոճ կը յիշեցնէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ձեռագիրը: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Վարդանեան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան անյետաձգելի միջամտութիւնը` զինադադարի վերականգնման նպատակով:

Դեսպան Փէոթր Սուիտալսքի ընդգծած է, որ Հայաստանի նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին իրավիճակը ներկայացուած է իրենց:

Դեսպանին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին շուրջ ընթացող քննարկումներուն: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչները դեսպանին հետ քննարկած են Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային այլ հովանաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ ընտրական հոլովոյթի կազմակերպման թեքնիք աջակցութեան տրամադրման կարելիութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով անոր կարեւորութիւնը:

Դեսպանը հաստատած է Եւրոպական Միութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու շահագրգռութիւնը Հայաստանի թէ՛ նոր ընտրական օրէնսգիրքը, եւ թէ՛ ընտրական հոլովոյթը միջազգայնօրէն ընդունելի չափանիշներով կազմակերպելու ուղղութեամբ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազգային Միասնականութիւն Ու Ղարաբաղի Զօրակցութիւն` Մղիչ Ուժը Պէտք Է Դառնան Հայ Ժողովուրդին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Արլեմ Տեզիր Կարեւոր Կը Նկատէ Ինքնորոշման Իրաւունքը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?