ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հաղորդագրութիւն մը տարածելով իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղի ունեցող զինադադարի մեծածաւալ խախտումներուն նկատմամբ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները (Ռուսիայէն դեսպան Իկոր Փոփով, Միացեալ Նահանգներէն դեսպան Ճէյմս Ուորլիք եւ Ֆրանսայէն դեսպան Փիեռ Անտրիօ) իրենց խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեն շփման գիծի երկայնքով տեղի ունեցող զինադադարի մեծածաւալ խախտումներուն նկատմամբ: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ուժի կիրարկումը եւ կը ցաւինք անիմաստ կորուստներուն համար, ներառեալ քաղաքացիական բնակչութեան մօտ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն դադրեցնելու կրակոցները եւ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները` իրավիճակը կայունացնելու համար: «Անոնք կը վերահաստատեն, որ տագնապի խաղաղ բանակցային լուծումը այլընտրանք չունի եւ որ պատերազմը տարբերակ չէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախագահ Ճէյմս Ուորլիք իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երկուշաբթի օր պիտի հանդիպին Վիեննայի մէջ եւ երեքշաբթի օր պիտի գումարեն Մինսքի խմբակի նիստ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնները քննարկելու համար»:
Ռուսիա
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ կատարուող զինուորական գործողութիւններով: «Նախագահ Փութին հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Փեսքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման հարցը: Ան կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարածքին մէջ ուժի կիրարկումը դադրեցնելու առնչութեամբ քայլերու ձեռնարկելու:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ստացած տեղեկատուութեան համաձայն, 1-էն 2 ապրիլի լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լարուածութիւն արձանագրուած է: Կը նշուի նաեւ, որ այդ շրջանը կը գտնուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մնայուն ուշադրութեան կեդրոնը:
«Ատոր առնչուած` 2 ապրիլին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակը կայունացնելու անյետաձգելի քայլերու վերաբերեալ արտակարգ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ», ըսուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներ Եւ Ֆրանսա
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ հրադադարի լայնածաւալ խախտումները, որոնք պատճառ դարձած են կորուստներու, ներառեալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ:
«Ցաւակցութիւն կը յայտնենք բոլոր զոհերու ընտանիքներուն: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն ցուցաբերելու զսպուածութիւն, զերծ մնալու հետագայ լարումէն եւ խստօրէն յարգելու զինադադարը: Ոչ կայուն իրավիճակը կը վկայէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է կողմերը անյապաղ վերսկսին բանակցութիւններուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ` տագնապին բազմակողմանի լուծում գտնելու հարցին մէջ: Մենք կը վերահաստատենք, որ տագնապը զինուորական լուծում չունի: Իբրեւ համանախագահող երկիր, Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աշխատելու կողմերուն հետ` հասնելու երկարատեւ եւ բանակցուած լուծման», նշած է Քերրի:
Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խոր ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող լրջագոյն միջադէպերուն եւ զինադադարի դրութեան խախտումին նկատմամբ, որուն հետեւանքով նաեւ զոհուած են խաղաղ բնակիչներ: Հոլլանտ նշած է, որ դէպքերը ամէնէն լուրջն են 1994-ի զինադադարի հաստատումէն ետք, երբ արդէն իսկ տագնապի հետեւանքով զոհուած էր շուրջ 30 հազար մարդ:
«Ֆրանսայի նախագահը տագնապի կողմերուն առաւելագոյնս զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէ եւ կը յորդորէ անյապաղ յարգել զինադադարի դրութիւնը: Բանակցութիւններուն այլընտրանքային ճանապարհ չկայ: Հանրապետութեան նախագահը, որ 2014-ի հոկտեմբերին Փարիզի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները, կը հաստատէ առաւելագոյնս սեղմ ժամկէտներու մէջ տագնապի խաղաղ լուծման հաւատարմութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւն
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Շփման գիծին երկայնքին մարտերու մասին հաղորդագրութիւնները խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմերուն անմիջապէս դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ պահպանելու հրադադարը: Կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ խուսափին հետագայ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան իրավիճակի սրման պատճառ դառնալ»:
Ան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ցաւի զոհերուն համար, մասնաւորաբար` խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ: «Եւրոպական Միութիւնը ամբողջապէս կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ երեք համանախագահներու ջանքերուն: Մենք կ՛ակնկալենք, որ կողմերը խստօրէն պահպանեն հրադադարը, խուսափին ուժի գործադրումէն եւ վերսկսին ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղեց` դադրեցնելու անտեղի արիւնահեղութիւնը, որ ոչ մէկ տեղ տանող ճամբայ է եւ պատճառ կը դառնայ հետագայ բռնութիւններու, կեանքերու, ներառեալ` քաղաքացիներու կորուստներու: Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտարարեց. «Սարսափած եմ եւ խորապէս մտահոգուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շփման գիծին վրայ թշնամական գործողութիւններու աճով: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` պահպանելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին մէջ երաշխաւորուած կեանքի իրաւունքը եւ վերադառնալու զինադադարի պահպանման ու խաղաղ բանակցութիւններուն: Ասիկա մարդասիրական հրամայական է», նշած է ան:
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով` մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան աճով: «Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ վերադառնալու խաղաղ բանակցային հոլովոյթին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ»:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փետրօ Ակրամունթ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով` կողմերուն կոչ ուղղեց պահպանելու հրադադարը եւ վերսկսելու բանակցութիւններուն: Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ բռնութիւններու եւ լարուածութեան աճին նկատմամբ:
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զաննիեր «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ինք մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադարձութիւններու զարգացումով: «Կողմերը պէտք է դադրեցնեն զինուորական գործողութիւնները եւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղան», գրեց Զաննիեր:
Իրան
Iran.ir կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոսէյն Ժապերի Անսարի յայտարարած է, որ Թեհրան Պաքուին եւ Երեւանին զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէ: «Մենք մեր երկու հիւսիսային դրացիներուն զսպուածութեան եւ իրավիճակը առաւել եւս բարդացնելէ խուսափելու կոչ կ՛ուղղենք: Ականատես ըլլալով շրջանին մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներու կործանարար գործողութիւններուն, Իրանի իսլամական հանրապետութեան համար Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախումները մտահոգիչ են», ըսած է ան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 3 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հոսէյն Տեհղանի հետ: Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են արցախեան ու ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրումին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ քննարկած են երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Գերմանիա
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր, որ այժմ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահն է, յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ մարտական գործողութիւնները պիտի դադրեցուին կարելի եղածին չափ շուտ: «Ես բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ ամբողջութեամբ յարգելու զինադադարը»:
«Այդ տագնապը չի կրնար ունենալ զինուորական լուծում: Կողմերը պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորեն Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցութիւններուն վերադառնալու համար», ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:
Գերմանիոյ մէջ գործող Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան երեսփոխան Անտրէաս Կալաու եւ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ղեկավար Մարքուս Ֆրոհնմայեր յայտարարութիւն մը հրապարակելով դատապարտած են Ազրպէյճանը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ կատարած զինուորական յարձակումին համար: Անոնք անընդունելի նկատած են Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու նախայարձակ զինուորական գործողութիւնները, յատկապէս, խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ:
Կուսակցութիւնը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ կամք դրսեւորելու եւ դատապարտելու Պաքուն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ զինուորական յարձակում գործելուն համար, ինչպէս նաեւ պահանջած է տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ միջազգային հետաքննութիւն սկսիլ:
Կուսակցութիւնը ստեղծուած կացութեան առիթով քննադատած է նաեւ Թուրքիան` նշելով, որ Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար թրքական լոպին Գերմանիոյ մէջ մեծ աշխատանք կը տանի:
Թուրքիա
Թրքական «Հապերլեր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգին մէջ Թուրք-ամերիկեան մշակութային կեդրոնի բացման ժամանակ` պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին, ըսած է. «Ցաւօք, տարիներ շարունակ բռնագրաւումի տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող պայքարը Մինսքի խմբակին կողմէ լուրջի չէ առնուած, այդ պատճառով ալ այսօր այսպիսի պատկերի ականատես կը դառնանք: Եթէ Մինսքի խմբակը այս հարցին մէջ արդար, վճռական կերպով գործէր եւ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկէր, այս օրին չէինք հասներ: Սակայն, ցաւօք, Մինսքի խմբակի թուլութեան հետեւանքով իրավիճակը այս կէտին հասած է: Մեր ազրպէյճանցի եղբայրներու համար Ալլահէն օգնութիւն կը խնդրեմ»:
Պատասխանելով ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիայէն Ազրպէյճանի ակնկալած աջակցութեան մասին հարցումին` Էրտողան ըսած է. «Մենք մինչեւ վերջ պիտի շարունակենք կարելի եղածին չափ աջակցիլ Ազրպէյճանին»:
«Անատոլու»-ի հաղորդումով, Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազպէյճանցի գործընկերոջ` Իլհամ Ալիեւի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով «ճակատային գիծին վրայ» մարտերու ընթացքին զինուորներու սպանութեան առիթով: Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է Ալիեւի` ընդգծելով. «Թուրք ժողովուրդը մնայուն կերպով կանգնած է ազրպէյճանցի ժողովուրդի կողքին»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւս հեռաձայնային հաղորդակցութեան ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին` Էլմար Մամետեարովի հետ եւ յայտնած իր ցաւակցութիւնները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հայկական կողմին կոչ ուղղած է «պահպանելու զինադադարը եւ անմիջապէս դադրեցնելու մարտերը»: Նախարարութիւնը Հայաստանը մեղադրած է «բախումներ հրահրելու» մէջ:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հեռաձայնով ղարաբաղեան տագնապի շփման գիծին վրայ իրադարձութիւնները քննարկած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եւ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Հաքարի հետ: Թրքական կողմը «արդարացուցած» է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, յայտարարած «Ազրպէյճանի լիակատար իրաւացի ըլլալուն» մասին եւ վճռական զօրակցութիւն յայտնած Պաքուին:
Այլ Կեցուածքներ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ խորապէս մտահոգուած ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ծաւալած իրադարձութիւններով կողմերուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու կրակոցն ու ձեռնարկելու հրատապ քայլերու` իրավիճակի կայունացման համար: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտկապէս մտահոգուած է ծանր զէնքերու օգտագործման եւ քաղաքացիներու շարքերուն մէջ մեծ թիւով դժբախտ պատահարներու նկատմամբ:
Իր յայտարարութեան միջոցով ան իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն եւ բոլոր այն կողմերուն, որոնք կ՛աշխատին վտանգաւոր կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ եւ հետամուտ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի` խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծման:
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի յանձնարարութեամբ այդ երկրին պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները իրենց հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Նախապէս Լուքաշենքօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով յայտնեց, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ` աւելցնելով, որ Պորտիւժա ուշադրութեամբ կը հետեւի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան եւ հայկական կողմէն կը ստանայ ամբողջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ «Թուիթըր»-ի վրայ կը գրէ. «Կողմերը պէտք է դադրեցնեն կրակոցը եւ կայունացնեն իրավիճակը»:
Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերս «Թուիթըր»-ի վրայ խստօրէն կը դատապարտէ բռնութիւններու աճը եւ զսպուածութեան ու զինադադարը յարգելու կոչ կ՛ուղղէ:
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնենք ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի խախտման եւ մարդկային կեանքերու կորուստին առնչութեամբ: Կը յորդորենք կողմերուն ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ խստօրէն հետեւիլ զինադադարի դրութեան խախտման համաձայնութեան: Աջակցելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն` անգամ մը եւս կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը տագնապը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ: Ղազախստանի Հանրապետութիւնը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի փոխզիջումային լուծման ուղիներու որոնման օգտին եւ յոյս կը յայտնէ, որ առնչակից կողմերը կառուցողական տրամադրութիւն ունին խնդիրի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու գործին մէջ»:
Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչուս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է կատարեն տագնապը ոչ զինուորական ճանապարհով լուծելու յանձնառութիւնը»: