Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայ Դատի Յանձնախումբերը Կը Դատապարտեն

Ապրիլ 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logos1_40316

Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած յարձակումը եւ զինադուլի կոպիտ խախտումը երէկ դատապարտուեցան ամբողջ աշխարհին մէջ գտնուող ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերուն կողմէ:

Ստորեւ կ՛անդրադառնանք տարբեր շրջաններուն կողմէ հրապարակուած դատապարտագիրներուն:

ՀՅԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ խստօրէն դատապարտուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւնները եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն, հայոց բանակին եւ հայութեան:

ՀՅԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէները հաստատեցին, որ իրենց բոլոր կարելիութիւնները կը դնեն անոնց տրամադրութեան տակ:

Անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին ազրպէյճանական անարգ յարձակումներուն զոհ դարձած հայորդիներու ընտանիքներուն:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք սահմանին վրայ ընթացող լուրջ զարգացումներուն եւ քայլերու կը ձեռնարկենք Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն շրջանակները մղելու, որ տէր կանգնին Մինսքի խմբակի համանախագահի իրենց պատասխանատուութեան եւ ազդու միջոցներով զգաստութեան հրաւիրեն ազրպէյճանական այս նորագոյն արկածախնդրութեան հեղինակները: Կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի բոլոր ազգային կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն` պատրաստ ըլլալու գործնականապէս սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւոր հայոց բանակին»:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծին վրայ կատարուած ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները` ընդգծելով, որ Պաքուի յարձակողապաշտ այդ վարքագիծը արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններուն ընթացքը ականահարող քայլ է:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնող ազրպէյճանական այս նախայարձակ գործընթացը լրջօրէն վտանգի տակ կ՛առնէ շրջակայ կայունութիւնը, որուն հետագայ բարդ զարգացումներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Պաքուի ռազմատենչ իշխանութիւնը:

«ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ սահմանին վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան պարտականութիւնը կատարող հայոց բանակին: Կոչ կ՛ուղղենք Քանատայի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն` ներկայ ճգնաժամին համախմբուելու եւ հայրենիքին աջակցելու»:

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն դատապարտեց Ազրպէյճանի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ յունահայութեան անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն ու բանակին:

«Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ձեռնարկած աննախադէպ ռազմական սադրիչ գործողութիւնները նպատակ ունին վարկաբեկելու տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ իրականացուած աշխատանքը` դուրս գալով բանակցութիւններէն եւ խնդիրը լուծելով ռազմական միջոցներով:

«Կը պահանջենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն պարտադրել ազրպէյճանական կողմին, որ դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման գործընթացի բանակցութիւններուն: Կոչ կ՛ուղղենք յունահայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն աչալուրջ հետեւելու ելոյթներուն եւ միաժամանակ պատրաստ ըլլալու գործնական կերպով աւելի զօրավիգ կանգնելու Արցախի մարտնչող ժողովուրդին»:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն իր հաղորդագրութեամբ դատապարտեց ազրպէյճանական նախայարձակումը` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի այս յանցագործ ընթացքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ պետականութեան նկատմամբ ահաբեկչութիւն կը նկատուի:

«Այս հոլովոյթին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ պաշտօնական Պաքուն: Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին, յատկապէս Մինսքի խմբակին, որուն եռանախագահներէն` Ֆրանսային, որ անյապաղ միջամտեն ու դադրեցնեն ազրպէյճանական այս մոլեգնութիւնը, որ խորքին մէջ ուղղուած է ոչ միայն հայկական կողմին, այլեւ նոյնինքն համանախագահող երկիրներուն դէմ:

«Յառաջիկայ օրերուն, ֆրանսահայութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով իր ընդվզումն ու բողոքը պիտի արտայայտէ արդարօրէն, պիտի պահանջէ առ որ անկ է` խստագոյն եւ վճռորոշ միջամտութիւն, միաժամանակ վերյիշեցնելով բոլորին, որ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ու պետականութեան անվերապահօրէն զօրավիգ, բոլո՛ր միջոցներով անխտիր»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խստիւ քննադատեց Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը: Յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Ալիեւի վրայ:

«Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի յարձակումը զսպելու իմաստով Օպամայի վարչակարգին ձախողութիւնը Ալիեւի համար կանաչ լոյս վառած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումներ նախաձեռնելու ճամբուն վրայ», ըսաւ Համբարեան` նշելով, որ այս գործողութիւններէն ընդամէնը ժամեր առաջ Իլհամ Ալիեւ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Սպիտակ տան մէջ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօէն դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական յարձակումները:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Եթէ միջազգային հանրութիւնը Ազրպէյճանին զսպուածութեան կոչ ըրած ըլլար, այսօր կեանքեր չէին կորսուեր: Պատասխանատու կառոյցները պէտք է այլեւս դադրին միայն անհանգստութիւն յայտնելէ եւ «երկու կողմերուն զսպուածութեան» կոչեր ընելէ, այլ` պէտք է մատնացոյց ընել Ազրպէյճանը եւ սանձել անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմաններուն վտանգաւոր զարգացումներուն, եւ արդէն անհրաժեշտ միջոցներուն դիմած ենք զօրաշարժի ենթարկելու Եւրոպայի մեր կառոյցները, իրենց երկիրներուն մէջ հանդիպելու իրենց պետութեան եւ միջազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն` ստիպելու Ազրպէյճանը վերադառնալու բանակցութեանց սեղան: Թուրքիան նաեւ համապատասխանատու է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումներուն համար»:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Միջազգային Կեցուածքներ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?