Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրիի Հետ Մամլոյ Ասուլիսին Ընթացքին. Ալիեւ Հայաստանէն Պահանջած Է «Իր Ուժերը Անմիջապէս Հեռացնել» Լեռնային Ղարաբաղէն

April 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալիեւ եւ Քերրի
Ալիեւ եւ Քերրի

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանէն պահանջած է «իր ուժերը անմիջապէս հեռացնել» Լեռնային Ղարաբաղէն:

«Մենք երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներուն, անոնց թափած ջանքերուն` լուծելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ տագնապը, որ պէտք է լուծուի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին հիմամբ, որ կոչ կ՛ուղղէ հայկական ուժերը մեր հողերէն անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի հեռացնելու», ըսած է Ալիեւ:

Յիշեցնենք, որ Քերրի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած էր Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ բռնութեան դէպքերուն առնչութեամբ եւ յայտարարած. «Մենք կ՛ուզենք Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած տագնապի վերջնական լուծումը տեսնել: Խնդիրին լուծումը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց վրայ մենք բաւական երկար աշխատած ենք»:

Ան կարեւոր նկատած է միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան վրայ հիմնուած համապարփակ լուծման հասնելու համար կողմերուն հետ աշխատելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Պռօշեանի Գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան 3-րդ Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Հակառակորդին Կրակոցէն Զոհուած Զինուորը Յետմահու Պարգեւատրուած Է

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.