2 ապրիլին կը լրանայ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան երրորդ տարին:
Առ այդ` ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի «Դրօ Կանայեան» կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ` 1 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնի յարակից տարածքին, կրակ վառած է Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին:
2 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:00-ին ծաղիկներ պիտի դրուին գիւղապետարանին դիմաց տեղադրուած կրանիթէ քարին, իսկ նոյն օրը, ժամը 12:00-ին` հաւաք տեղի պիտի ունենայ Կարօտի արձանին մօտ, որմէ ետք այցելութիւն Զօրաց պանթէոն` Մուրատեանի շիրիմին: