Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրանեսթ Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Հայաստանեան Պատուիրակութիւնը Ձախողութեան Մատնած Է Հակահայկական Առաջարկներու Որդեգրումը

Մարտ 30, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արտակ Զաքարեան
Արտակ Զաքարեան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուած ու որդեգրուած է Արեւելեան գործընկերութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն սպառնացող վտանգներու եւ զանոնք դիմակայելու քայլերուն վերաբերեալ զեկուցումը:

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան նշած է. «Այդ զեկուցումին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ, կատարուած էին 111 առաջարկներ, որոնց մէկ մասը մեզի համար անընդունելի էր: Մեզի համար յատկապէս անընդունելի էին այն առաջարկները, որոնք կը վերաբերէին Ռուսիոյ եւ որոշ չափով դէմ էին նաեւ Հայաստանի շահերուն: Մենք քաղաքական հարցերու յանձնախումբին մէջ դէմ քուէարկած ենք այդ առաջարկներու մեծ մասին, անոնք չեն անցած»:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին կապուած առաջարկներ, որոնք ընդունելի չեն եղած հայկական պատուիրակութեան համար: «Այս պարագային մենք կ՛ուզէինք օգտագործել վեթոյի մեր իրաւունքը, սակայն հարցը ատոր չհասաւ: Կրցանք քննարկումներու իբրեւ արդիւնք ձեռք բերել համապատասխան համաձայնութիւններ, եւ առաջարկներու հեղինակները ետ վերցուցին իրենց առաջարկները», ընդգծած է Արտակ Զաքարեան:

Պատգամաւորը մանրամասնած է, որ անընդունելի ձեւակերպումներ ըսելով` նկատի ունի «բռնագրաւուած տարածքներ», «զինուորական ներխուժում», «զօրքերու հեռացում» եւ այդպիսի այլ ձեւակերպումները, որոնք ընդհանուր բնոյթ կը կրեն, իսկ հետագային կրնան օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ծիրին մէջ:

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Խորհրդարանական վեհաժողովի 5-րդ լիագումար նիստին ընթացքին որդեգրուած են 4 զեկուցումներ, որոնք ընդունելի են Հայաստանի համար: «Բոլոր այդ զեկուցումներն ալ մեզի համար ընդունելի են եւ կ՛արտայայտեն Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրներն ու նպատակները», եզրափակած է Զաքարեան:

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի հինգերորդ լիագումար նիստը տեղի ունեցած է 20-24 մարտ 2016-ին:

 

Նախորդը

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ` Վարչապետ Սալամի Մօր Մահուան Պատճառով

Յաջորդը

«Մինսքի Խմբակը Ուաշինկթընի Մէջ Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպում Չի Ծրագրեր» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?