Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, յայտնեց ArmSport.am:
Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ջուլֆալակեան ըսաւ հետեւեալը.
«Ռիոյի ողիմպիական խաղերու վարկանիշներուն համար պիտի պայքարին Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Արթուր Շահինեան (85 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ): Մարզիկներուն հետ մրցավայր պիտի մեկնին նաեւ հաւաքականի մարզիչներ Սամուէլ Գէորգեան եւ Էդուարդ Սահակեան:
«Այս հաւաքը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2 ապրիլ, պիտի ըլլայ ֆիզիքական պատրաստութեան աշխատանք մը:
«Վարկանշային այս մրցաշարքին չի մասնակցիր Լոնտոնի խաղերու փոխախոյեան, աշխարհի նախկին ախոյեան, 75 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Արսէն Ջուլֆալակեան:
«Անոր փոխարէն նկատի առած եմ Կարապետ Չալեանը, որովհետեւ մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մեր երկիրը վարկանիշներ ունենայ, եւ բնականաբար մասնակցինք ողիմպիական խաղերուն:
«Վերջերս Չալեան Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին շատ լաւ խաղարկութիւն ունեցաւ, իսկ նկատի առնելով, որ եւրոպական վարկանիշներու մրցաշարք մըն է մօտերս տեղի ունենալիքը, եւ ուր պայքարը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ քան` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերը, որոշեցի Չալեանը նկատի առնել:
«Յաջորդ մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ Մոնկոլիոյ մէջ, համեմատաբար աւելի դժուար պիտի ըլլայ եւ անոր պիտի մասնակցի Արսէն Ջուլֆալակեան»: