Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջէն` երէկ armsport.am յայտնեց, որ հայ կռփամարտիկները կը շարունակեն նախապատրաստուիլ 7-18 ապրիլին Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիական վարկանշային կռփամարտի մրցաշարքին:
Յաւելեալ փորձեր կատարելու համար, 25 մարտէն 5 ապրիլ Հայաստանի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Աբովեանի մէջ:
Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ այս հաւաքին կը մասնակցին 20 մարզիկներ (2-ը` աղջիկներ):