Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին երկու ճակատումները:
Ռիատի – Պիպլոս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, այդքան ալ կարեւոր չի նկատուիր դասաւորման փոփոխութեան իմաստով` նկատի ունենալով, որ ինչ ալ ըլլայ մրցումին արդիւնքը, Ռիատի պիտի մնայ առաջին, իսկ Պիպլոս` 6-րդ:
Սակայն միեւնոյն ժամուն տեղի ունենալիք Շանվիլ-Լուէյզի մրցումը բաւական ճակատագրական պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ յաղթող խումբը պիտի գրաւէ 8-րդ դիրքը եւ մասնակցի «Ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն, մինչ պարտուողը` գրաւելով 9-րդ դիրքը, «փլէյ-օֆ»-ի մրցումներուն պիտի մասնակցի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ` Ա. դասակարգի տոմս մը ապահովելու համար:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ: