
Նախորդ շաբաթավերջին, «Փիթ սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի ունեցան Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւքները.
8-9 տարեկան` Էտուին Խընայսեր` առաջին, 10-12 տարեկան առաջին` Սիմի Ճօ Ապի Նախլէ, 12-15 տարեկան առաջին` Քարլ Ռըզք, 15 տարեկան եւ վեր առաջին` Քրիսթոֆըր Նըժէյմ, իսկ Տի. Տի. Թօ դասակարգ առաջին` Փաթրիք Նըժէյմ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ»-ի պատասխանատուներուն եւ վազքուղիի սեփականատէր Ժան Մարք Ռըզըքի: