
24-25 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէ:
Միխեիլ Ճանելիծէն պիտի ընդունուի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Կը նախատեսուի նաեւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումը վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:
25 մարտին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցութիւնները, որոնցմէ ետք Էդուարդ Նալբանդեանն ու Միխեիլ Ճանելիծէն հանդէս պիտի գան մամլոյ յայտարարութիւններով:


