Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնեց Հուփսը` 80-49 Արդիւնքով

March 22, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Hmem_Hoops_32116
Երէկուան մրցումէն PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Հուփսը:

Նախքան մրցումը սկսիլը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Ուալիտ Նասսար, յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի համակիրներուն, այնպէս ինչպէս կը կատարէր այլ խումբերու համակիրներուն:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ երթին 12 կէտի տարբերութեամբ` 93-81 արդիւնքով պարտուած էր Հուփսէն:

Այս իրականութենէն մեկնելով` ՀՄԸՄ բնականաբար մարզական փոխվրէժ մը ունէր իր մրցակիցէն:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան իրենց փոխվրէժը իրագործել եւ պասքեթպոլի դաս մը տալ Հուփսին, որ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով կէտերու այսքան մեծ տարբերութեամբ (31 կէտ) չէր պարտուած որեւէ այլ կազմէ մը:

Դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած համակիրներու ներկայութեան, ՀՄԸՄ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 80-49 արդիւնքով (27-6, 42-19, 61-28 եւ 80-49):

Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, պահ մը ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 39-ի (67-28):

ՀՄԸՄ-ի թրի փոյնթերէն 28-էն 8-ը հասան իրենց նպատակին, մինչ Հուփսին պարագային` 25-էն 5-ը:

Ինչ կը վերաբերի թըրն-օվըրներուն, ՀՄԸՄ-ինը եղաւ 18-ը, իսկ Հուփսինը` 20:

Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ ապահովեց 2-րդ դիրքը, նախքան վերջին հանգրուանի մրցումը տեղի ունենալը (Թատամոնի դէմ):

Այստեղ տեղին է նշել, որ այս տարեշրջանին Հուփսի նշանակած կէտերը (49) եղան ամէնէն քիչը, ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն ընթացքին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը.

Նովել Փել (29′ 23″, 19 կէտ, 9 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (22′ 59″, 8 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (29′ 37″, 16 կէտ, 10 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Հայկ Խաչերեան (5′ 17″, 3 կէտ, 1 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ժան-Ժաք Յակոբեան (2′ 31″, 2 կէտ), Ահմետ Իպրահիմ (25′ 01″, 10 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Արամ Աբրահամեան (2′ 10″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (19′ 08″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (13′ 18″, 2 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (12′ 43″, 2 ռիպաունտ), Տուայն Ճեքսըն (35′ 22″, 20 կէտ,11 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ) եւ Րաֆֆի Խալոյեան (2′ 31″):

Պէտք է նաեւ նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես վերջին 3-4 վայրկեանները մրցումը շարունակեց իր պահեստի մարզիկներով:

Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուիլիըմ Պըրտ (14):

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Ներկայացուցչական Խումբը Ունեցաւ Իր Առաջին Հանդիպումը

Յաջորդը

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ակումբներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 114-42 Արդիւնքով Ջախջախեց Սըրրիէ Ռամալլան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.