Երէկ, Յորդանանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ակումբներու ախոյեանութիւնը, որուն Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 114-42 արդիւնքով ջախջախեցին պաղեստինեան Սըրրիէ Ռամալլան:
ՀՄԸՄ-էն Ճորտըն Հուփըր եւ Նաթալի Սվաճեան նշանակեցին 24-ական կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Օրթոտոքսիի դէմ:
Իր կարգին, Ռիատի Պէյրութ յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը` 69-49 արդիւնքով յաղթելով Օրթոտոքսիին (Յորդանան):